
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սեպուհ Սիմոնեանի առաջնորդած «Քեփիթըլ Սիթիզ» նուագախումբը, որուն «Սէյֆ էնտ Սաունտ» երգը այս ամրան ընթացքին ամենաշատ նուագուած երգերէն մէկն է շրջանի ձայնասփիւռի կայաններէն, երկու թեկնածութիւն ապահոված է MTV կայանին կազմակերպած՝ տեսաերիզներու VMA մրցանակներուն համար:
«Սէյֆ էնտ Սաունտ» երգը թեկնածու է «Արուեստի լաւագոյն բեմադրութիւն» ու «Լաւագոյն տեսողական տպաւորութիւն» մարզերուն մէջ:
Սոյն մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները որոշելու համար, կարելի է ձեր քուէն տալ՝ այցելելով vma.mtv.com կայքը:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պրուքլինի «Պարքլիզ Սենթըր»ին մէջ, Օգոստոս 25ին, եւ ուղղակի պիտի սփռուի MTV կայանէն: