
ԵՐԵՒԱՆ.– Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան 27 Յունիսին տուած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի հետ. անոնք խօսած են ՀԱՊԿի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ Հայաստանի վերաբերող տարբեր խնդիրներու մասին։
Անդրադարձ կատարուած է ՀԱՊԿի ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք միացեալ օդուժին, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի օդուժը ոչ միայն քանակական աճ պիտի ունենայ, այլ նաեւ պիտի արդիականացուի։ «Դա ՀԱՊԿի շրջանակներում ընդունուած որոշում է՝ միացեալ, հաւաքական աւիացիոն ուժեր ստեղծելու մասին: Փաստաթղթերը ստորագրուած են, գործում է աշխատանքային ժամանակացոյց, որի շրջանակներում այդ ուժերը պէտք է ձեւաւորուեն: Դա վերաբերում է ե՛ւ Կովկասեան տարածաշրջանին, ե՛ւ ՀԱՊԿի տիրոյթում գտնուող միւս տարածաշրջաններին, որովհետեւ աւիացիոն բաղադրիչը չափազանց կարեւոր է: Բացի դրանից, այսօր քննարկւում էին նաեւ Գիւմրու մեր աւիացիոն բազային հետագայ արդիականացման խնդիրները Ռուսաստանի «Վերտալէօտի Ռոսիի» ընկերութեան հետ միասին: Հայաստանում ռազմաօդային պաշտպանութեան համակարգը արդիականացուելու է, վերազինուելու է», հաստատած է Արթուր Բաղդասարեան:
Իր կարգին Պորտիւժան նշած է, թէ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ մեծ թափով կ՛ընթանան հաւաքական ուժերու, որոնց կարգին հաւաքական օդուժի ստեղծման աշխատանքները, որոնք Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ բաղկացած պիտի ըլլան հայ-ռուսական զօրամիաւորումներէն։ Հաւաքական օդուժը բաղկացած պիտի ըլլայ ազգային օդուժերուն տրամադրած զօրամիաւորումներէն եւ կոչուած պիտի ըլլայ առաջին հերթին ապահովելու զօրախումբերու տեղափոխումը այս կամ այն տարածաշրջան՝ ՀԱՊԿի կողմէ գործողութիւններ կատարելու, երկրորդ՝ օդային պաշտպանութիւն ապահովելու ՀԱՊԿի գործողութիւններուն համար: Ուստի, ՀԱՊԿի հաւաքական օդուժը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու զինուած ուժերուն՝ երկրի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան ատեն:
Մինչ այդ, ասուլիսէն առաջ Բաղդասրեանն ու Պորտիւժան ստորագրած են 20 կէտէ բաղկացած արձանագրութիւն, որով կը նախատեսուի ամրապնդել փոխգործակցութիւնը:
«Կ՛իրականացուեն մի շարք միջոցառումներ, որոնք ունեն ոչ միայն երկկողմ նշանակութիւն, այլ նաեւ ներգրաւուած են ՀԱՊԿ անդամ միւս երկրները: Դրանք վերաբերում են ռազմական համագործակցութեան հետագայ խորացմանը, որովհետեւ ձեւաւորւում են կոլեկտիւ անվտանգութեան ուժեր Հարաւկովկասեան տարածաշրջանում, իսկ Կովկասում Հայաստանը ՀԱՊԿի միակ անդամն է: Կը ստեղծուեն յատուկ փրկարարական ստորաբաժանումներ ՀԱՊԿի շրջանակներում: Կը ձեւաւորուի մշտական երկխօսութեան մեխանիզմ յատուկ ծառայութիւնների, իրաւապահ մարմինների միջեւ: Կը ստեղծուի ոստիկանութեան մարմինների միջեւ փոխգործակցութիւնն ապահովող մշտական մեխանիզմ՝ ՀԱՊԿի շրջանակներում: Քայլեր կը ձեռնարկուեն մեր ռազմական ենթակառուցուածքները զարգացնելու ուղղութեամբ: Մասնաւորապէս, խօսքը վերաբերում է նոր համատեղ ձեռնարկութիւնների ստեղծմանը ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտում», յայտնած է Արթուր Բաղդասարեանը:
Նիքոլայ Պորտիւժան դիտել տուած է, որ այսօր զինուած հակամարտութիւններու սկսման ցուցանիշներ չկան, իսկ գոյութիւն ունենալու պարագային՝ ՀԱՊԿն համապատասխան քայլերու պիտի դիմէ, որպէսզի կացութիւնը հակակշիռի տակ մնայ։
Ան հաստատած է, որ Ղարաբաղեան խնդիրի ռազմական լուծում գոյութիւն չունի: «Կը կարծեմ, թէ միայն խաղաղ բանակցութիւններն ու փոխհամաձայնութիւնը կարելիութիւն պիտի տան լուծելու այս շատ բարդ, երկարաձիգ հակամարտութիւնը: Լուծման այլ տարբերակներ գոյութիւն չունին», նշած է Պորտիւժան: Անոր համաձայն, վերջին տարիներուն Կովկասի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները անգամ մը եւս կը յուշեն, որ պատերազմ դիւրութեամբ կրնայ ծագիլ, սակայն նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ որքան դժուար է խաղաղութեան հասնիլը։ «Կը կարծեմ, թէ քաղաքական կարգ մը գործիչներ պարզապէս մոռցած են այդ դառը փորձը: Անոնք պարզապէս պէտք է յիշեն, թէ ինչ տեղի ունեցաւ 90ական թուականներուն, որպէսզի քիչ մը հանդարտին», նշած է ան։
ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարը հաստատած է, որ պատերազմական մթնոլորտը հրահրող յայտարարութիւնները արդիւնաւէտ չեն, պէտք է բանակցութիւնները ծաւալիլ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիին տակ։