
ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իւանիշվիլի եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ «ռազմավարական յարաբերութիւնները» ընդլայնելու համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Իւանիշվիլի վրացի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է, որ Երուսաղէմ կ՛այցելէ երկկողմանի ճգնաժամէն ետք, որ ստեղծուած էր 2010ին Վրաստանի մէջ երկու իսրայէլացի գործարարներու ձերբակալութենէն ետք:
«Դուք ժամանած էք Իսրայէլ, որ կը հանդիսանայ Վրաստանի իրական բարեկամը: Մեր երկիրները հին, բարի եւ սերտ յարաբերութիւններ ունին», ըսած է Փերես՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Վրաստանի հրէական համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան համար:
Վրացական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ, սփիւռքի հարցերով պետական նախարար Քոնսթանթին Սուրկուլածէ, տնտեսութեան նախարար Կէորկի Քվիրիկաշվիլի եւ ուրիշներ:
Անցեալ շաբաթ տեղեկութիւն տարածուած էր, որ Վրաստան կ՛ուզէ Իսրայէլէն հակահրասայլային հրթիռներ եւ առանց օդաչուի թռչող սարքեր գնել: Կ՛ենթադրուի, որ վարչապետին այցելութենէն ետք Իսրայէլ այցելէ նաեւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիա: