Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սպառնաց հարկ ըլլալու պարագային Սուրիա մուտք գործել եւ ռազմական հարուածներ հասցնել։ Ան բռնագրաւուած Կոլանի վրայ ռազմափորձերու ընթացքին յայտնեց, որ՝ «մենք չենք քննարկած սահմանէն անդին գտնուող որեւէ կողմի ինչ ձեւով մարտահրաւէր ուղղելու հարցը, սակայն որեւէ կողմի պիտի չարտօնենք Իսրայէլին ձեռք տալ եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ մեզ չփորձելու»։
Ըստ Նեթանիահուի, իր մասնակցութեամբ կատարուած ռազմափորձը բանակին բարձրագոյն ռազմափորձն է։ Ան ըսաւ, որ իսրայէլեան բանակին ռազմափորձերը կարեւոր են հակակշռելու տարածաշրջանի իրադարձութիւնները, որոնք կրնան առկայ իրավիճակը վայրկեաններու ընթացքին աւելի վտանգաւոր դարձնել։ Իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը իր պատերազմական ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկած էր, իսկ բանակը Հայֆայի Քարմել լեռներուն վրայ իր մարզումները բազմացուցած էր՝ պնդելով, որ այդ շրջանին աշխարհագրութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ աշխարհագրութեան նման է։
Ըստ նոր ծրագիրին, բանակը պիտի օժտուի փոքր հրասայլերով եւ զրահապատերով, որոնք կրնան ճակատամարտի դաշտէն արագօրէն հեռանալ, եթէ թշնամիին կողմէ վտանգի ենթարկուին։ Այդպիսի հրասայլեր պիտի ներածուին Բրիտանիայէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.