
Յունիս 7-9ին, Արեւմտեան թեմի զանազան ծուխերէ մօտաւորապէս 50 ուխտաւորներ կատարեցին յիշատակելի ուխտագնացութիւն մը, որ կազմակերպուած էր առաջնորդարանի «Առաքելոց Լսարան» առաքելութեան կողմէ: Ուխտաւորները կ՛առաջնորդուէին առաջնորդարանի գրադարանապետ Հայկ Մադոյեան եւ առաջնորդարանի հեռատեսիլի բաժինի վարիչ Վահէ Սարգսեանի կողմէ: Ուխտաւորները Յունիս 7ի երեկոյեան հասան առաջնորդարանի ամառնային ճամբարը, որ կը գնտուի Տանլափ:
Յաջորդ առաւօտ, անոնք մասնակցեցան ժամերգութեան, զոր կը գլխաւորէր Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեանը. ան շեշտեց աղօթքին կարեւորութիւնը: Գեղեցիկ բնութեան մէջ ուխտաւորները մաս կազմեցին կազմակերպուած բանախօսութիւններուն, որոնց նպատակն էր հոգեւորապէս զօրացնել հաւատացեալները եւ զարգացնել նաեւ իրենց կրօնական գիտելիքները: Առաջին բանախօսն էր Աւետիս քհնյ. Աբովեան, որուն նիւթն էր «Հաւատք եւ առաքինութիւն». նիւթի աւարտին տէր հայրը մանրամասնութեամբ պատասխանեց հարցումներուն:
«Գիտելիքներ եւ ինքնատիրապետում»ի նիւթով բանախօսեց Հայկ Մադոյեան, իսկ «Յարատեւութիւնն ու բարութիւն»ը նիւթն էր Վահէ Սարգսեանի ներկայացման:
Վերջին բանախօսն էր առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչ Մաշտոց Չօպանեան, որուն նիւթն էր «Եղբայրական ազնուութիւն եւ սէր»:
Ուխտագնացութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Կիրակի, Յունիս 9ին, երբ ուխտաւորները մեկնեցան Եդեմ եւ մասնակցեցան Ս. պատարագի արարողութեան: Պատարագիչն էր ծուխի հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան, իսկ Ս. սեղանին սպասարկեց Էլըն Եղիա սրկ. Ճենտեան:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Տէր հայրը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ներկայացուց ծուխին հակիրճ պատմականը՝ շեշտելով, որ ծուխը չափազանց օգտակար հանդիսացած է տարիներ առաջ Եդեմի շրջանին մէջ հաստատուած հայորդիներուն:
Ծխական խորհուրդի ատենապետ Պիաթրիս Սեքսմըն շնորհակալութիւն յայտնեց ուխտաւորներուն՝ նշելով, թէ եկեղեցւոյ դուռը միշտ բաց էր համայն հաւատացեալներուն համար: Ուխտաւորները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին տէր Զաւէնին եւ Ծխական խորհուրդին, անոնց ջերմ հիւրասիրութեան համար: