ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիոլուր».– Այս տարուան առաջին հինգ ամսուան ընթացքին անչափահասներուն նկատմամբ սեռական ոտնձգութիւններուն թիւը 11ով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով: Ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան, երրորդ վարչութեան պետի տեղակալ, անչափահասներու գործերով բաժնի պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վարդանեանը զերծ մնացած է այս երեւոյթին որեւէ յստակ պատճառ տալէ: «Դա ծնողներ անհետեւողականութեան, անուշադրութեան հետեւանք է աւելի շատ», նշած է ան:
«Միայն ներկայացուած թուերով դատողութիւն անել պէտք չէ, քանի որ նախկինում էլ եղել են անչափահասների նկատմամբ սեռական բռնութեան դէպքեր, պարզապէս այդ մասին չի խօսուել», յայտնած է ոստիկանութեան գնդապետը՝ նշելով, որ այս տարի արձանագրուած է 23 դէպք, նախորդ տարուան 12ի փոխարէն:
«Սեռական ոտնձգութեան ենթարկուած ամենափոքր զոհը 9 տարեկան աղջիկ է: Բռնաբարութեան դէպքերն աւելի շատ գրանցուել են 15 տարեկանից բարձր աղջիկների նկատմամբ: Իսկ տղաների նկատմամբ սեռական ոտնձգութեան երեք դէպք է գրանցուել: Դէպքերը հիմնականում աւելի շատ գրանցւում են Երեւան քաղաքում», ըսած է ան:
Նման դէպքեր նուազագոյնի հասցնելու մասին խօսելով՝ Վարդանեան դիտել տուած է, որ պարբերաբար կ՛այցելեն դպրոցներ եւ անչափահասներուն կը բացատրեն, թէ նման պարագաներու պէտք է դիմել ոստիկանութեան:
«Լրագրողները տարակուսանքով վերաբերուեցին ոստիկանութեան գնդապետի՝ աշակերտների հետ պարբերաբար զրուցելու վստահեցումներին: Արթուր Վարդանեանն էլ ի պատասխան նշեց, թէ կոնկրէտ Մայիսի 18ին եղել են հանրապետութեան բոլոր դպրոցներում», կը գրէ «Ռադիոլուր»ի թղթակից Աննա Նազարեանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.