
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արզնի» օդակայանի տարածքին մէջ 19 Յունիսին տեղի ունեցած է հրամանատարութեան ղեկավարման զօրավարժութեան ամփոփիչ հանգրուան՝ ոստիկանութեան ստորաբաժանումներու եւ ոստիկանութեան զօրքերու մասնակցութեամբ՝ «Յատուկ համահաւաք ջոկատի կիրառումը զանգուածային անկարգութիւնների կանխման եւ խափանման յատուկ օպերացիայում» նիւթով: Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, զօրավարժութեան նպատակը զանգուածային անկարգութիւններուն ընթացքին ոստիկանութեան ստորաբաժանումներու փոխհամագործակցութեան ու գործողութիւններու ներդաշնակման ապահովումը եւ ոստիկանութեան ծառայողներու ունակութիւններուն եւ հմտութիւններուն ամրապնդումն էր՝ տարբեր ծառայութիւններու ներկայացուցիչներու առաւելագոյն ընդգրկումով, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ պատրաստ ըլլալու նման իրավիճակներու, յստակ գիտնալու, թէ ի՛նչ գործառոյթներու պէտք է դիմել նման դէպքերու պարագային եւ լիարժէք իրականացնելու անհրաժեշտ գործողութիւններ:
Զօրավարժութեան մասնակցած է ոստիկանութեան պետ, զօր. Վլադիմիր Գասպարեանը: Զօրավարժանքը ղեկավարած է ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատար, ոստիկանութեան պետի տեղակալ, զօր. Լեւոն Երանոսեանը: Ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութեան պետ, զօր. Կամօ Աղաջանեանը, դիտորդներ, որոնց կարգին՝ Ռուսիոյ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ: Ոստիկանութեանը պետ Վլադիմիր Գապարեան տեղւոյն վրայ ծանօթացած է զօրավարժութեան ծրագիրին, ստուգած է սարքաւորումներուն վիճակը, մասնակցներուն հանդերձաւորումն ու պատրաստականութիւնը:
Զօրավարժութեան աւարտին խումբ մը մասնակիցներ ոստիկանութեան պետի եւ Ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատարի հրամաններով արժանացած են պարգեւներու:
Նշենք, որ «Յատուկ համահաւաք ջոկատի կիրառումը զանգուածային անկարգութիւնների կանխման եւ խափանման յատուկ օպերացիայում» նիւթով զօրավարժութիւնը սկսած էր 14 Յունիսին: