
ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Ազգային ժողովի նիստին յայտարարեց, որ ՀՅԴ խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած նուազագոյն աշխատավարձերու բարձրացման բանաձեւը, որ կառավարութիւնը մօտ կէս տարի առաջ մերժեց, ակնկալութիւններու հիման վրայ կառուցուած բանաձեւ էր: «Մարդը անորոշութեան մէջ չէր յայտնուի, չէր մտածի՝ կարո՞ղ է յանկարծ կառավարութիւնը բերի 10 տոկոսով, 20 տոկոսով, 50 տոկոսով բարձրացում կամ ընդհանրապէս չբարձրացնի: Սա ամենավատ բանն է, երբ մարդն իր ապագայի մէջ անորոշութիւն է տեսնում», նշեց Մինասեան՝ անդրադառնալով կառավարութեան «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծին։
Պատգամաւորը նշեց, որ կառավարութիւնը օրին իրենց նախագիծը մերժեց՝ պատճառաբանելով, որ անոր իբրեւ արդիւնք պիտի մեծնայ ստուերային տնտեսութիւնը, աշխատողները չեն ձեւակերպուիր, գործարարները աշխատավարձերու բարձրացում փաստօրէն չեն կատարեր: Ան յիշեցուց, որ իրենց նախագիծին մէջ նշուած էր, որ այս տարուան 1 Յունուարէն նուազագոյն աշխատավարձերը պէտք է սահմանել 45 հազար դրամ, ինչ որ, ըստ պատգամաւորին, կարելիութիւն պիտի տար նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին ընկերային այս լարուածութիւնը չունենալ կամ մեղմել կացութիւնը: Ըստ Մինասեանի, կառավարութիւնը մերժեց իրենց ներկայացուցածը եւ հիմա բերած է այս նախագիծը՝ զայն անուանելով միջանկեալ լուծում տուող: «Իրականում, յարգելի՛ կառավարութիւն, յարգելի՛ գործընկերներ, կառավարութիւնը ոչ թէ միջանկեալ լուծում է տալիս, այլ սրանով իր անգործութիւնը եւ անհետեւողական քաղաքականութիւնը եւս մէկ անգամ հաստատում է», ընդգծեց ՀՅԴ պատգամաւորը:
«Տարուայ կէսից նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում էք իրականացնում: Որքան էլ որ դրական է, տնտեսական քաղաքական տեսակէտից սա սխալ մօտեցում է: Տարուայ կէսից խաղի կանոն փոխել, էն էլ անհասկանալի սկզբունքներից ելնելով, պարզապէս չեմ կարող բնութագրել, թէ ինչ տնտեսական քաղաքականութիւն է իրականացնում մեր երկիրը: Այ մարդ, վերցնէիք, մեր առաջարկը ձեզնով անէիք, անունը դնէիք, որ կառավարութեան առաջարկն է, բայց իրանականացնէիք այդ առաջարկը: Չեն անում, Յովի՛կ Արգամիչ, չեն անում, հակառակն են անում: Հակառակն են անում, մենք դրա համար ենք վրդովուում», դիտել տուաւ պատգամաւորը:
Ան նշեց, որ 45 հազար դրամը բաւարար չէ նոյնիսկ նուազագոյն սպառողական զամբիւղին: Նախագիծը, ըստ Մինասեանի, «կը յանգեցնի նաեւ ստուերային տնտեսութեան մեծացման»: