ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 14 Յունիսի երեկոյեան, Ազգային Ընդհանուր ժողովի աւարտին, Տըպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Հրայր Սողոմոնեանները:
Յայտնենք, որ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեաններ շուրջ տարի մը առաջ ստանձնած էին Պիքֆայայի վանքի շրջաբակին մէջ կառուցուող միաբանական շէնքին բարերարութիւնը, տրամադրելով մէկուկէս միլիոն ամերիկեան տոլար:
Հայրապետըը բարձր գնահատելով տիար Սողոմոնեանը, ըսաւ. «Հրայրը չենք գնահատեր միայն իր նիւթական նուիրատուութեան համար, այլ առաջին հերթին իր երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան համար: Արդարեւ, Հրայր Սողոմոնեան անձնուէր ծառայութան տիպար է, եւ անոր փաստը տուած է անցնող աւելի քան երեսուն տարիներուն, յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ»:
Վեհափառը դրուատիքով խօսեցաւ նաեւ տիկին Սողոմոնեանի մասին, որ «միշտ քաջալերող եղած է Հրայրին ազգայինեկեղեցական ծառայութեան ու կատարած նուիրատուութիւններուն»: Եզրափակելով իր խօսքը, հայրապետը ըսաւ. «Ոեւէ մէկ անձի արժէքը իր ունեցածին մէջ չէ, այլ՝ տուածին: Ո՛չ թէ իր ունեցածով, այլ՝ իր տուածով անձը կը դառնայ յարգելի ու սիրելի բոլորին. իր տուածով անձը կը բարձրանայ, կը մեծնայ ու կը մնայ ժողովուրդի սիրտին մէջ»:
Ապա Քուէյթի եւ Արաբական Էմիրութեանց կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կարդաց վեհափառ հայրապետին կոնդակը:
Խօսք առնելով, Հրայր Սողոմոնեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառին, խոստանալով որ ինք պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան:
Նշենք, որ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Ազգ. Ընդհանուր ժողովի պատգամաւրները, թեմակալ առաջնորնդներ, միաբաններ եւ Լիբանանի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.