ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մինչ սուրիական տագնապի անմեղ զոհերուն թիւը արդէն կտրած-անցած է 90 հազարը, քաղաքական հորիզոնին վրայ ոչ միայն դեռ չեն երեւիր դրական լուծումի մը յոյսի նշոյլները, այլեւ ընդհակառակն՝ մութ ամպերը աւելիով կուտակուած են ու համատարած անձկութեան մատնած են ե՛ւ նոյնինքն Սուրիոյ բնակիչները, ե՛ւ ընդհանրապէս ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը։
Հորիզոնը մթագնող վերջին նորութիւնը եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Նախագահ Օպամայի կառավարութիւնը, քիմիական զէնքերու գործածութեան համար նախագահ Ասատի վարչակարգը «ստուգապէս» մեղադրելով՝ յայտարարեց, թէ որոշած է հակադարձել ու զէնք հայթայթել Սուրիոյ ընդդիմադրութեան։
Աւելի՛ն. ամերիկեան կառավարութիւնը նոյնիսկ առաջադրեց Սուրիոյ օդային տարածքը միջազգային հակակշռի տակ առնել եւ թոյլ չտալ նախագահ Ասատի օդուժին, որ «ազատօրէն» հարուածէ երկրի տարածքին ապստամբներու գրաւած դիրքերը։
Բայց Ռուսաստան ընդդիմացաւ ամերիկեան առաջարկին եւ մերժեց միջազգային օրինականութիւն շնորհել Ուաշինկթընի այդ քայլին։
Ուշագրաւ է, որ Սուրիոյ ընդդիմադրութիւնը զինելու նախագահ Օպամայի որոշումին դէմ կատարուած ամէնէն սուր քննադատութիւնը եկաւ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու ներսէն, այլեւ՝ սուրիական ընդդիմադրութեան ամէնէն հետեւողական պաշտպաններէն։
Սուրիական տագնապի սկիզբէն իսկ «Ազատ Բանակ»ին անհրաժեշտ զէնքերը հայթաթելու պահանջին կողմնակից ամերիկեան քաղաքական շրջանակները, ինչպէս օրինակ «Ոտքի կանգնէ Ամերիկա» շարժումին ղեկավարը՝ զօր. Վալլելի, այս օրերուն ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Օպամայի կառավարութիւնը յստակօրէն չի ճշդեր, թէ սուրիական ընդդիմադրութեան ո՞ր թեւին զէնք հայթայթելու մասին է խօսքը:
Ամերիկեան «Newsmax»ին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ, Յունիս 18ին, Վալլելի կ՛ազդարարէ.- Եթէ Իսլամ Եղբայրներուն ի նպաստ հերթական քայլ մը նետելու մասին կը մտածէ նախագահ Օպաման, փոխանակ «Ազատ Բանակ»ի աշխարհիկ ղեկավարութեան թիկունք կանգնելու, ապա ամերիկացին իրաւունք ունի մտահոգուելու, որ իր իշխանութիւնները կը կրկնեն կրօնամոլ ուժերուն սատարելու քաղաքական սխալները, որոնք բացայայտ դարձան Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ ամերիկեան կառավարութեան որդեգրած զօրակցութեան վարքագծով։
Յատկապէս Թուրքիոյ սպառնացող կրօնական մենատիրութեան վտանգին դէմ ահազանգ հնչեցնողները բազմացած են Մ. Նահանգներու ներսը եւ արդէն քաղաքական լուրջ կշիռ կը ներկայացնեն անոնք, որոնք Սուրիոյ իշխող վարչակարգին կտրականօրէն դէմ ըլլալով հանդերձ՝ վարչապետ Էրտողանի մէջ կը տեսնեն Իսլամ Եղբայրութեան գլխաւոր դրօշակիրը, որ մեծապետական քաղաքականութեան եւ մրցապայքարի պղտոր ջուրերուն մէջ կը փորձէ օսմանական երբեմնի տիրակալութիւնը վերահաստատելու «ձուկ»ը որսալ…
Անկասկած որ իրապէս պղտոր են մեծապետական մրցապայքարի ջուրերը եւ միայն ժամանակը կրնայ պարզ ու մեկին յստակացում մտցնել տարածաշրջանային «պատերազմ»ի այսօրինակ «գորդեան հանգոյց»ին մէջ։
Միաժամանակ որոշ է, որ տեղական եւ շրջանային բոլոր շահագրգիռ կողմերը լծուած են իրենց դիրքերու ամրապնդման եւ հնարաւորութիւններու բազմապատկումին, որպէսզի ոտքի կոխան չերթան Մեծերու Խաղին։
Իսկ ի՞նչ կ՛ընէ հայութիւնը։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ իր գիտցած ձեւով եւ առկայ հնարաւորութիւններով օգնութեան հասնիլ Սուրիոյ հայութեան։ Յատկապէս հայրենիք ապաստանած սուրիահայերը ուսման հնարաւորութիւններով եւ գործարարական դիւրութիւններով ապահովելու կողքին, ՀՀ իշխանութիւնները վերջերս ձեռնարկած են նաեւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն համար կենցաղային յարմարութիւններ ընձեռելու, օրինակ՝ բնակարանային յատուկ շէնքեր կառուցելու աշխատանքին։
Իր կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իբրեւ սփիւռքի հայութեան հոգեւոր ու ազգային գլխաւոր հեղինակութիւնը, նաեւ՝ ազգընտիր իշխանութիւնը, Արամ Ա. վեհափառի նախաձեռնած համասփիւռքեան նուիրահաւաքի եւ զօրակցութեան հիման վրայ, կը շարունակէ ամէն առիթով շեշտել Սուրիոյ հայութեան միասնականօրէն տէր կանգնելու հրամայականը։
Այս առումով, անցեալ շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ գումարուած Ազգային ընդհանուր ժողովը, իր աշխատանքներու աւարտին, յատուկ յայտարարութեամբ մը առաջնահերթ օրակարգ հռչակեց Սուրիոյ հայ գաղութին պահպանումն ու վերականգնումը՝ ընդհանրապէս Սուրիոյ միջ-համայնքային համերաշխութեան եւ քաղաքական ողջմտութեան վերահաստատման կարեւորութիւնը շեշտելով։
Նոյնպէս եւ ազգային մեր կուսակցութիւններն ու համահայկական միութենական կառոյցները, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, շարժման մէջ դրած են իրենց ուժերը, որպէսզի Սփիւռքի հայրենամերձ գօտիի այս հիմնական ու կենսայորդ կռուանը, համայն հայութեան զօրակցութեամբ, կարենայ դիմագրաւել ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս եւ սուրիահայութեան սպառնացող վտանգները եւ ունեցած ծանր կորուստները- մարդկային, քաղաքական եւ տնտեսական։
Պատնէշի վրայ է նաեւ հայ քաղաքական միտքը, որ քննադատութեամբ եւ ինքնաքննադատութեամբ՝ օրակարգի վրայ կը պահէ Սուրիոյ հայութեան լինելութեան մեծ խնդիրը։
Քննութեան առարկայ են ոչ միայն սուրիահայութեան ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերը, այլեւ նոյնինքն գաղութի ապագայի մեծ խնդիրը։
Օրակարգը բաց է եւ տպագիր մամուլի էջերուն, զանգուածային լրատուութեան միջոցներով թէ համացանցի վրայ՝ ազատ շրջանառութեան մէջ դրուած են թեր ու դէմ տեսակէտներ.
– Սուրիահայ գաղութի ղեկավար ուժերը որքանո՞վ պատրաստ են կամ ի վիճակի են, միջազգային տարողութեամբ այս աստիճան պղտոր ջուրերու ոլորապտոյտին մէջ, իրականացնելու ապահով թիավարումը հայութեան նաւուն եւ փրկութեան քարափ հասցնելու սփիւռքահայութեան այս անփոխարինելի կռուանը։
– Հայաստանն ու հայութիւնը ռազմավարական անհրաժեշտ լծակները ունի՞ն, իսկ եթէ այսօր չունին՝ կը մտածե՞ն ստեղծելու եւ կռանելու մասին, որպէսզի Սուրիոյ մէջ եւ շուրջ զարգացող իրադարձութիւններուն ետեւէն շնչասպառ վազողի ու գետին ինկողի վախճանին չարժանանանք ազգովին, այլ՝ կարենանք նախաձեռնողի դիրքեր գրաւել եւ անհրաժեշտ ճիգը թափել, դիմագրաւելու համար առնուազն թրքական հրձիգութիւնը, որ գլխաւոր աղբիւրներէն մէկն է Սուրիական Կնճռի բարդացումին։
– Որքանո՞վ լուրջ են դէպի Հայաստան ներգաղթ կազմակերպելու մասին բարձրաձայն կատարուող արտայայտութիւնները. Հայաստանի պետութիւնը իր օրակարգին վրայ ունի՞ հայրենադարձութեան կազմակերպումը. Սուրիոյ հայութեան եւ զայն առաջնորդող ուժերուն տեսակէտը առնուա՞ծ է. ինչպէս Հայաստանի մեր ժողովուրդը, այնպէս եւ Սփիւռքի հայութիւնը ի՞նչ կը մտածէ։
Հարցադրումներու եւ քննարկումներու ծիրը սահմանափակում չի ճանչնար, ոչ ալ 2013 թուականին եւ համացանցի դարուն՝ կարելի է չորս պատերու մէջ կատարուած քննարկումներով եզրափակել համազգային նշանակութեամբ այս աստիճան ծանրակշիռ հարցերու վճռահատումը։
Օրակարգը բաց է եւ ամէն բանէ առաջ եւ վեր կարիքը ունինք հայ քաղաքական միտքը աշխուժացնելու, հունաւորելու եւ յառաջատար ուժի վերածելու կոչումը ունեցող ամէն մտածող հայու ձայնին։
Անկաշկանդ ու բարձրաձայն տեսակէտին։