ՓԱՐԻԶ.- Մխիթարեան միաբանութեան Սեւրի վարժարանի «Բաց դռներ»ու օրուան առիթով, «Սեւր 2015» ընկերակցութիւնը Յունիս 16ին, կէսօրէն ետք ժամը 2էն 5 պիտի կազմակերպէ տեղեկատուական ժողով մը նուիրուած՝ «Մխիթար» հիմնարկին, որուն ստեղծման գործին նախաձեռնած է:
Հիմնարկը պիտի կառավարէ յուշահամալիր-թանգարան մը, բայց նաեւ պաշարներու կեդրոն մը, դաստիարակչական բաժին մը եւ հաւանաբար նաեւ հետազօտական կեդրոն մը:
Սոյն ժողովին ընթացքին, «Սեւր 2015» ընկերակցութեան վարչութեան անդամները տեղեկութիւններ պիտի տան ծրագիրին ընթացքին եւ ծաւալին մասին, պիտի ներկայացնեն մանրամասնութիւններ հիմնարկի ապագայ Գիտական խորհուրդի կազմութեան աշխատանքներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.