
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար Թասս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ պետական մրցանակներ շնորհած է երկիրի գիտութեան եւ մշակոյթի կարկառուն գործիչներուն:
Ռուսիոյ օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քրեմլինի Մեծ պալատի Գէորգիեւեան դահլիճին մէջ:
Փութին մրցանակներ յանձնած է մշակոյթի 4 գործիչներու: Այսպէս, մարդասիրական գործունէութեան մէջ մեծ յաջողութիւններու հասնելուն համար մրցանակ ստացած է գրող Վալենթին Ռասպութինը: Մրցանակներու արժանացած են նաեւ բեմադրիչ Սերկէյ Միրոշնիչենկօն, «Մոսֆիլմ»ի տնօրէն բեմադրիչ Կարէն Շահնազարովը եւ նկարիչ Տայիր Սալախովը: «Անկեղծօրէն ուրախ եմ մրցանակակիրներու շարքին յայտնի բեմադրիչ, «Մոսֆիլմ»ի ղեկավար Կարէն Շահնազարովը տեսնելու համար: Անոր ֆիլմերը, ինպէս կ՛ըսեն, «մտած են ժողովրդին մէ»ջ, կը յայտնէ Փութին:
Ռուսիոյ պետական մրցանակը պետութեան եւ հասարակութեան կողմէ գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներու արժանիքներու գնահատման բարձրագոյն մակարդակն է եւ անոր ընկերակցող նիւթական գումարը 5 միլիոն ռուպլի է: