ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը քննարկէ հարաւային Լիբանան երկու զօրախումբ ուղարկելու հարցը: Այս շաբաթ նախարարութեան պաշտօնատարները պիտի մեկնին Հռոմ՝ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ իրականացուող ԵՈՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատու իտալացի գործընկերներուն հետ հայկական զօրախումբերու կառուցուածքին, տեղակայման վայրին, թիւին եւ սարքաւորումներու ապահովման հարցերը քննարկելու համար:
Ասիկա դրական զարգացում է 2006 թուականէն ի վեր, երբ նախագահ Քոչարեանի կառավարութիւնը ձեռնպահ մնաց՝ միանալէ քանի մը տասնեակ երկիրներու, որոնք համաձայնած էին մասնակցիլ ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութեան, Լիբանանի հետ Իսրայէլի պատերազմէն ետք: Այդ ժամանակ նախկին նախագահ Քոչարեանի մամլոյ քարտուղարը «Մեդիամաքս» գործակալութեան յայտնած էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հրաժարած էր խաղաղապահ զօրախումբեր տրամադրելէ՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼի անորոշ հոգատարութեան (մանտաթ) պատճառով, մանաւանդ որ հայ զինուորներու մասնակցութեամբ որեւէ բախում կրնար վտանգի ենթարկել Լիբանանի հայ համայնքը: 2006 թուականին նախագահ Քոչարեանի հետ իմ ունեցած մասնաւոր զրոյցիս ընթացքին ան անդրդուելիօրէն պաշտպանեց իր դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը շատ արագ գիտակցեցաւ Լիբանան խաղաղապահներ ուղարկելու առաւելութիւններու՝ զինուորական ներկայութիւն հաստատելու, իր քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութիւնը արաբական աշխարհի մէջ ընդարձակելու, արժէքաւոր հետախուզական տուեալներ հաւաքելու եւ լիբանանեան հարցերու մէջ հայկական ազդեցութիւնը դիմակայելու իմաստով:
Հետեւաբար Օսմանեան կայսրութեան անկումէն գրեթէ մէկ դար անց թրքական զօրքերը առաջին անգամ ըլլալով մտան Լիբանան: Ներկայիս ԵՈՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելութիւնը բաղկացած է 37 երկիրներու 11 հազար խաղաղապահներէ, որոնց 495ը՝ Թուրքիայէն: Նախորդ տարի Հայաստան միայն մէկ սպայ ուղարկած էր հարաւային Լիբանան՝ դիտորդական առաքելութեամբ: Մինչդեռ արդէն քանի մը տարի է, որ աւելի քան 130 հայ խաղաղապահ զինուորներ կը ծառայեն Աֆղանստանի, եւ 35ը՝ Քոսովոյի մէջ. մինչեւ վերջերս անոնք կը ծառայէին նաեւ Իրաքի մէջ:
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի կառավարութիւնը յստակօրէն չբացատրեց, թէ ինչո՛ւ հիմա հետաքրքրուած է իր խաղաղապահ ուժերը Լիբանան ուղարկելով՝ եօթը տարի առաջ նախկին նախագահ Քոչարեանի մերժումէն ետք: Իմ կարծիքովս, գոյութիւն ունին հինգ դրական պատճառներ, թէ ինչո՛ւ Հայաստան պէտք է խաղաղապահներ տրամադրէ ԵՈՒՆԻՖԻԼին.
1. Հայ զինուորներու ներկայութիւնը լիբանանեան տարածքին հպարտութեան մեծ զգացում կը յառաջացնէ այդ երկրի հայկական կարեւոր համայնքին մէջ:
2. Հայկական զօրամիաւորումը որոշ չափով կը նպաստէ թրքանպաստ քարոզչութեան հաւասարակշռման, որ յառաջացած է 2006 թուականէն ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ թրքական աւելի մեծաթիւ ռազմական ներկայութեան պատճառով:
3. Հայկական զօրախումբերը միակը կ՛ըլլան Հարաւային Կովկասէն, քանի որ ո՛չ Վրաստանը եւ ո՛չ ալ Ատրպէյճանը խաղաղապահներ ուղարկած են Լիբանան:
4. Թէեւ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ հետ սահմանակից հարաւային Լիբանան զօրախումբեր ուղարկելը նաեւ վտանգ կը ներառէ, սակայն ասիկա աւելի նուազ վտանգաւոր առաքելութիւն է, քան՝ Աֆղանստանի պարագային, ուր աւելի քան 130 հայ զինուորներ կը ծառայեն երկար տարիներէ ի վեր:
5. Հայկական զօրախումբերը, ինչպէս Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Քոսովոյի մէջ, այնպէս ալ այստեղ ռազմական արժէքաւոր փորձառութիւն կը վաստակին տասնեակ այլ երկիրներու զօրամիաւորումներու հետ միացեալ ծառայութեան ընթացքին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ կրնայ խաղաղապահ զօրախումբեր ուղարկել ափրիկեան Մալի պետութիւն, ուր շարք մը արիւնալի բախումներ հրահրուած են: Այդ ընդհարումներուն Քայիտիայի հետ կապուած իսլամական խմբաւորման զինեալները կը կռուին մալիական, ֆրանսական եւ ափրիկեան ուժերուն դէմ: Քաղաքացիական պատերազմ կայ նաեւ անջատողական թուարեկ ցեղերու եւ մալիական զօրքերու միջեւ:
Իրավիճակը այնքան անկայուն է, որ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն նախորդ շաբաթ իր զեկոյցին մէջ զգուշացուց, որ խաղաղապահները կրնան լուրջ վտանգներու ենթարկուիլ Մալիի մէջ եւ անոր շրջակայքը ծաւալող գործողութիւններուն ընթացքին:
Նման վտանգաւոր պայմաններու մէջ անխոհեմ կ՛ըլայ հայ խաղաղապահներ ուղարկել Մալի: Մալիի անվտանգութեան համար պատասխանատւութիւնը գլխաւորաբար ստանձնած են ափրիկեան երկիրներու ուժերը՝ ֆրանսական զինուորականներու նիւթաարհեստագիտական աջակցութեամբ: Հայաստան չի կրնար անտեղի վտանգի ենթարկել իր զինուորներուն կեանքը, նկատի ունենալով անվտանգութեան առաջնահերթութիւնը իր սեփական տան՝ արցախեան հակամարտութեան լոյսին տակ:
Հայկական զօրախումբերու ծառայութիւնը նուազ վտանգաւոր վայրերու մէջ կրնայ դրական ըլլալ ռազմական պատրաստուածութեան եւ դիւանագիտական տեսանելիութեան ձեռքբերման առումով, սակայն մեծ թիւով զինուորներ հակամարտութեան բազմաթիւ թատերաբեմեր ուղարկելը եւ պայթիւնավտանգ իրավիճակներու մէջ անոնց տեղակայումը անխոհեմ քայլ կ՛ըլլայ՝ նկատի առնելով հայկական բանակի զինուորներուն սահմանափակ թիւը:
Հակառակ անոր որ ԵՈՒՆԻՖԻԼի առաքելութեան Հայաստանի մասնակցութիւնը ենթակայ է խորհրդարանական վաւերացման, սակայն նկատի առնելով իշխող կուսակցութեան ճնշող մեծամասնութիւն ըլլալը՝ մեծ դիմադրութիւն չ՛ակնկալուիր: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ձգտի ստանալու Ազգային ժողովի համաձայնութիւնը խաղաղապահ զօրախումբերը միայն Լիբանան ուղարկելու համար: Կան բազմաթիւ իմաստալից պատճառներ հայկական զօրամիաւորումները Լիբանանի եւ ոչ թէ Մալիի մէջ տեղակայելու համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը