
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՌԱԿի Հայ իրաւանց խորհուրդի հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, Մայիս 31ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մինաս Գոճայեանի հեղինակած «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով» հատորին գինեձօնը:
Հանդիսավարն էր Հրաչ Սեփեթճեան, իսկ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանակիր Գէորգ Յակոբեան ներկայացուց գիրքը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Հատորը կ՛առնչուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին՝ դէպի պատմական Հայաստան կատարուած ուխտագնացութեան:
Սոյն ձեռնարկին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը ներկայացուց դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, որ սրբազանին շնորհաւորանքը փոխանցեց Մինաս Գոճայեանին եւ գնահատեց ՌԱԿի Հայ իրաւանց խորհուրդը, որ գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր գիրքին գինեձօնը կազմակերպելու: