
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պատկերասփիւռի ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ անդրադարձած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած յաղթանակին։ Ան գրած է. «Յառաջ Հայաստան: Դիտեցի՞ք, թէ ինչպէս Հայաստանի հաւաքականը 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Դանիան: Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան երազը տակաւին չէ մարած»: