
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Անգլիական «Լիվըփուլ» ֆութպոլի կազմը պատրաստ է 22 միլիոն փաունտ վճարելու «Շախթիոր»ի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի յարձակող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխարէն: Խումբին «Թուիթըր»ի պաշտօնական էջը հաղորդած է, թէ 18 անգամ Անգլիոյ ախոյեան հանդիսացած այդ խումբին համար նոր մարզիկներ «որսացող» գլխաւոր պաշտօնատարը՝ Պերի Հանթըր, ներկայ եղած է Յունիս 11ին, Քոփենհակընի մէջ կայացած Դանիա-Հայաստան մրցումին, հետեւելու համար Մխիթարեանի խաղին:
Յիշեցնենք, որ դանիացիներու դէմ մրցումին, Մխիթարեան նշանակեց Հայաստանի խումբին չորրորդ կօլը: