ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի մէջ ըմպելի ջուրին գինը պիտի նուազի 8 դրամով: Այս մասին «Փանորամա»ին յայտնած է «Երեւան ջուր» ընկերութեան մամլոյ պատասխանատու Անահիտ Մանասեանը, որուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ ներկայիս 174,059 դրամէն սակագինը դառնայ 166,044 դրամ՝ մէկ խորանարդ ջուրին համար:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Փետրուարին «Երեւան ջուր» ընկերութիւնը Երեւանի մէջ ջրամատակարարման ճշդուած գիներ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին, որ 12 Յունիսին քննարկած եւ հաստատած է նոր գիները։
Ա. Մանասեան դիտել տուած է, որ հաստատուած գինը ուժի մէջ կը մտնէ 7 Յուլիսէն սկսեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.