
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կը տեղեկացնեն, թէ վարժարանը Գըրգ Գըրգորեանի կողմէ UCLA համալսարանին մէջ հաստատուած «Երազ Հիմնադրամ»էն («Dream Fund») առատաձեռն յատկացում մը ստացած է այս տարեշրջանին:
Վարժարանը իր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այս նուիրատուութեան համար՝ գնահատելով վարժարանին առաքելութեան նկատմամբ սոյն հիմնադրամին ցուցաբերած վստահութիւնը: