
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Օրակարգ» պարբերաթերթը անցեալ շաբաթ բացայայտեց համացանցային իր նոր կայքը, որ նախորդին համեմատ՝ աւելի արագ յաճախականութեամբ պիտի թարմացուի, նորութիւններ փոխանցելով Կլենտէյլի հայ համայնքին մասին:
Այս երկլեզու կայքը հրապարակուած է «Օրակարգ»ի հիմնադիր խմբագիր Զարեհ Աճէմեանի եւ Հայաստան հաստատուած «Շիվինի» ընկերութեան ջանքերով:
«Օրակարգ» պարբերաթերթը, որ այսուհետեւ «oragark.com» պիտի կոչուի, կարելի է գտնել www.oragark.com հասցէով:
Խմբագիր Զարեհ Աճէմեանի կարծիքով՝ «սա մի անխուսափելի փոխանցում էր տպագիր մամուլից, առցանց մամուլը: Մենք շատ ուրախ ենք, որ սա իրականացուեց Հայաստան հաստատուած «Շիվինի» ընկերութեան հետ միասին: Սա ապացոյցն էր հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի համագործակցութեանը: Յոյսով ենք այս համագործակցութիւնը, որ սկսել է տեխնիկական գետնի վրայ, կը շարունակուի մամուլի այլ բնագաւառներում եւս»:
Թէեւ կայքը առաւելաբար հիմնուած է կամաւոր ուժերի վրայ, կայքի գոյատեւումն ու աշխոյժ ներկայութիւնը կախուած են նաեւ գովազդներու առկայութենէն եւ ֆինանսական կարելիութիւններէն:
«Շիվինի» ընկերութեան տնօրէն Ռուբիկ Մինասեանի վկայութեամբ՝ «մենք արդէն իսկ նմանատիպ հայերէն կայքէջերի փորձը ունէինք եւ մեզ համար մեծ հաճոյք էր, որ այս կարողութիւնը տրամադրեցինք Սփիւռքի հայ մամուլի ընտանիքի այս բացառիկ անդամին, եւ «Օրակարգ»ը օժտուեց համացանցային լրատուութեան էջադրման ամենաարդիական հնարաւորութիւններով»:
«Օրակարգ»ը անդրադարձած է Կլենտէյլի քաղաքապետարանի, կրթաշրջանի, համայնքային համալսարանի, ինչպէս նաեւ համայնքային իրադարձութիւններուն, իսկ վերջին 7 տարիներուն ընթացքին, քաղաքացիական տեղեկութիւններու աղբիւր հանդիսացած է Կլենտէյլի հայ համայնքին համար:
Այցելեցէք www.oragark.com եւ տեղեկացէք քաղաքի անցուդարձերուն մասին:
«Օրակարգ»ը հիմնադրուած է 2005ի Նոյեմբերին. անիկա քաղաքի իրադարձութիւններուն մասին տեղեկատուութիւն կատարելով՝ կը փորձէ ստեղծել աւելի լաւ տեղեկացուած համայնք:
Ձեր լուրերն ու գովազդները առաքել info@oragark.com հասցէով, կամ դիմել (818) 649.2014 հեռաձայնի թիւին: