ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստի ծիրին մէջ Հիմնադրամի բարերարներէն, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը՝ գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, սկսած է իր հաշուետու այցելութիւնները հայաստանեան ու արցախեան ծրագիրներ:
Լեռնային Ղարաբաղի այցելութիւններուն առաջին կանգառը Գորիսի սրտաբանական կեդրոնն էր, որ կառուցուած է 2010 թուականին Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի, Մարսէյի «Հայաստան-Ֆրանսա առողջապահութեան միութեան» (ASAF), Ֆրանսայի Պուշ Տիւ Ռոն նահանգի վարչակազմի նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ֆինանսաւորումով։
23 Մայիսին շուրջ 40 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց համայնքին համար երկու կարեւորագոյն ծրագիրներուն՝ Կարմիր Շուկայ գիւղի ըմպելի ջուրի համակարգին եւ Մարտունիի հիւանդանոցին, որոնք կառուցուած են Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ:
Բացումներուն ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Շահէ վրդ. Անանեանը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինի ատենապետ Խորէն Բանդազեանը, գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեանը, համայնքի ներկայացուցիչները, գիւղի բնակիչները:
«Շնորհակալ եմ, որ կապուել էք ձեր գիւղին: Յոյսով եմ, որ այսպէս միշտ կը լինի, եւ էլ աւելի կը ստուարանան այստեղ կանգնած երեխաների շարքերը, ու շէն կը մնայ այս հողը», իր բացման խօսքին մէջ յայտնած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:
Կարմիր Շուկայ գիւղի աւելի քան 1050 բնակիչները (270 տնտեսութիւն) արդէն իսկ ունին շուրջօրեայ կանոնաւոր ջրամատակարարում: Շնորհիւ կառուցուած ներքին ցանցին՝ ջուրը աղբիւրներէն յատուկ ջրագիծերով կը հասնի տուները: Համակարգը կը ներառէ 11 քմ. երկարութեամբ ջրագիծ եւ երկու օրական կարգաւորման ջրամբար: Ծրագիրը համաֆինանսաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:
Երկար ատենէ սպասուող Մարտունի քաղաքի նոր հիւանդանոցի կառուցման ծախսերը հոգացած է Միացեալ Նահանգներու «Հայ բժիշկների հիմնադրամը»: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը, որ շատ կարեւոր նկատեց այս նախաձեռնութիւնը: Երկյարկանի նորակառոյցը հիւանդանոցը ամէնէն մեծ բժշկական հաստատութիւններէն մէկն է (ընդհ. 2470 քմ.), ուր արդիական ձեւերով տարբեր տեսակի ու մասնագիտութեան բժշկական ծառայութիւններ պիտի մատուցուին։
Հիւանդանոցին մէջ տարեկան դրութեամբ կրնան բուժուիլ շուրջ 2400 հիւանդներ: Հիւանդանոցի կահաւորումը պիտի ստանձնէ ԼՂՀ կառավարութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի մասնաճիւղի ատենապետ Խորէն Բանդազեանը. «Ուրախ ենք, որ Սփիւռքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք այսօր ունինք ժամանակակից բժշկական հաստատութիւն մը եւս: Մեր գործընկեր «Հայ բժիշկների հիմնադրամ»ի միջոցներով կառուցուած այս հիւանդանոցին մէջ համայնքի բնակիչները պիտի կարենան որակաւոր բուժում ստանալ: Յուսանք, որ այս մեծ նախաձեռնութեան կը յաջորդեն այլ ենթակառուցուածքային ծրագիրներ, որոնք կարեւոր են ռազմավարական այս տարածքին համար»:
Նշենք, որ Մարտունիի հիւանդանոցը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հայ համայնքին օժանդակութեամբ կառուցուած երկրորդ բժշկական մեծ հաստատութիւնն է Արցախի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.