ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 20 Մայիսէն Երեւան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան թմրեցուցիչի դէմ պայքարի եւ իրաւապահ մարմիններու հետ համագործակցութեան բիւրոյի ուաշինկթընեան գրասենեակի փորձագէտներու խումբը՝ Հայաստանի մէջ նշեալ ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի ոստիկանութեան ցուցաբերած աջակցութեան արդիւնքները գնահատելու նպատակով. այս մասին յայտնած են ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն:
«Մայիսի 22ին Հայաստանի ոստիկանութեան պետի տեղակալ, ոստիկանութեան գեներալ-մայոր Արթուր Օսիկեանն ընդունեց թմրամիջոցների դէմ պայքարի եւ իրաւապահ մարմինների հետ համագործակցութեան պատուիրակութեան կազմին: Հանդիպման ընթացքում քննարկուեցին Հայաստանում Միացեալ Նահանգների դեսպանութեան աջակցութեամբ Հայաստանի ոստիկանութիւնում իրականացուած աշխատանքները, ներկայացուեցին Հայաստանի ոստիկանութեան գործունէութեան ոլորտում 2012-2013 թուականների բարեփոխումների ծրագրով նախատեսուած միջոցառումները, ակնկալուող արդիւնքներն ու Հայաստանի ոստիկանութեան եւ Հայաստանում Միացեալ Նահանգների դեսպանութեան միջեւ հետագայ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած են նաեւ հանդիպումներ Հայաստանի ոստիկանութեան պետի գլխաւոր խորհրդական Գրիգոր Բադիրեանի հետ, Հայաստանի ոստիկանութեան ղեկավարման մարմինի, կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի, քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութիւններուն, փորձաքրէագիտական վարչութեան, Հայաստանի ոստիկանութեան կրթահամալիրին, տեղեկատուական կեդրոնին եւ ոստիկանութեան Արմաւիրի մարզային վարչութեան անդամներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.