
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ պատրաստութիւններ կը կատարուին եռալեզու համալսարան մը բանալու համար. հոն, Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, քրտերէն լեզուով դասաւանդութիւններ տեղի պիտի ունենան: Սկզբնական շրջանին, համալսարանին մէջ դասաւանդութիւնները քրտերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով պիտի ըլլան, իսկ հետագային պիտի աւելնան նաեւ հայերէնով եւ ասորերէնով ուսուցումները:
Համալսարանը հաստատելու աշխատանքին նախաձեռնած է «Մեսոփոթեմիա» (Միջագետք) հիմնադրամը՝ ներգրաւելով մօտաւորապէս 300 մտաւորականներ, գիտնականներ, գործարարներ եւ գործիչներ: Կը նախատեսուի համալսարանը բանալ 2016ին: