ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Քնարերգական իր կոչումը լիովին արդարացնող MSC POESIA իտալական զբօսանաւը, 16րդ տարին ըլլալով, ամբողջ շաբաթ մը ճախրեց Քարիպեան լազուարթ ջուրերուն մէջ՝ հազարի մօտ հայ նաւագնացներով, որոնց կարեւոր մէկ մասը տասնեակ տարիներէ ի վեր, կարօտակէզ սրտով, Ֆորթ Ռոտրտելի նաւահանգիստը կը փութայ, վայրկեան առաջ նաւ բարձրանալու ու ամբողջ շաբաթ մը վերանալու հայկական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Կ՛աճապարէ ան, հանդիպելու հին ու նոր բարեկամներու, անոնց հետ կիսելու արձակուրդային հաճելի պահերը ու ամբողջ եօթը օրեր հաղորդուելու հայ մշակոյթով, երաժշտութեամբ, պատմութեամբ ու նաւային ընկերութեան հրամցուցած բարձրորակ յայտագիրներով ու հաճելի ժամանցով:
Արդարեւ, այս տարուան նաւապտոյտը հետեւեալ կղզիները կ՛ընդգրկէր. Քոզիւմել, Մեքսիքօ. Իզոլա տէ Ռոթան, Հոնտուրաս. Ճորճթաուն, Քէյմըն Այլընտ. Մոնթեկօ Պէյ, Ճամայքա: Կարելի է անվառան աւելցնել, թէ ամէն տեսակէտով նաւապտոյտը հեզասահ ընթացաւ:
Տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ՝ քաղաքական, պատմագիտական, արուեստի, գրական, մշակութային, բժշկական ու ընկերային, եւ պէտք է շեշտել իրենց տեսակին մէջ բարձրորակ ելոյթներ:
Ստորեւ՝ եօթնօրեայ ձեռնարկներու ցանկը.
– Շաբաթ, 12 Յունուարին. Տօնական մթնոլորտի մէջ մեկնում Ֆորթ Լոտըրտելի նաւամատոյցէն: Նոյն օրը՝ բարիգալուստի երեկոյ՝ հիւրընկալութեամբ Շաքէ Պասմաճեանի եւ Մարիա Դաւիթեանի:
– Կիրակի, 13 Յունուար. Առաւօտեան Ս. պատարագ՝ Նիւ Եորքի Առաքելական թեմի տեղապահ առաջնորդ Անուշաւան Դանիէլեանի ձեռամբ, որ իր հեզութեամբ ու իմաստալից քարոզներով գրաւեց նաւագնացներուն սրտերը ու անոնց խոր յարգանքին արժանացաւ։
Հայերէն լեզուի առաւօտեան դասընթացք՝ Արա Գաբրիէլեան՝ դասական մակարդակի մէկ այլ երախտաւոր մը։
«Թաւլու»ի մրցոյթ՝ Անդրանիկ Պուտաքեանի հսկողութեամբ:
Դասախօսութիւն՝ Օսէփ Սարաֆեան. «Պատմական Հայաստանի ճարտարապետական գլուխ գործոցներու ներկայացում»:
Հայկական աւանդական պարի դասընթացք՝ պարուսոյց Մարկօ Քաֆթաճեանի կողմէ։
Գիրքի ներկայացում եւ գինեձօն՝ Ռաճըր Գուբելեանի «Ռազմի Աստուածները» կրաֆիքական վէպին։ Գիրքը վերահասօրէն ներկայացուց համակրելի մտաւորական Այտա Տէմէճեան, իսկ երիտասարդ արուեստագէտին ինքնատիպ կենսագրութիւնը կարդաց Մարօ Փափազեան։ Խօսք առաւ նաեւ հեղինակի հայրը։
«Տը Լարք Ֆարմ»՝ Անթոնիա Արսլանի Ցեղասպանութեան հայող վէպին թեմայով շարժանկարի ցուցադրութիւն ու ներկայացում՝ դոկտ. Սիոպան Մարշալի կողմէ։
«Արմինիըն Նեթուըրք աֆ Ամերիքա» հայ երիտասարդական կազմակերպութեան կողմէ շամփանիայի ընդունելութիւն։
Ամերիկայի Հայ Դատի թէյասեղան եւ գործունէութեան ներկայացում՝ Քեն Խաչիկեանի կողմէ։
Հայկական պարահանդէս՝ մինչեւ առաւօտեան ժամերը, երաժիշտ Խաչիկ Ճինկիրեանի եւ «Օլ Սթար» նուագախումբի ընկերակցութեամբ։
– Երկուշաբթի, 14 Յունուար. Քոզիւմել կղզի այցելութի՛ւն, ցերեկը։
Առաւօտեան պաշտամունք:
Հայկական ֆիլմի ցուցադրութիւն եւ հայկական պարահանդէս։
– Երեքշաբթի, 15 Յունուար. Առաւօտեան պաշտամունք:
Հայկական ֆիլմի ցուցադրութիւն, գինեձօն եւ Անթոնիա Արսլանի The Skylark Farm գիրքի ներկայացում՝ փրոֆ. Սիոպան Մարշալի կողմէ։
«Թաւլու»ի եւ պլոթի մրցաշարք։
Club 39 AHS, ամուրիներու հանդիպում՝ «տիսքօ»ի մէջ։
Աւանդական նաւապտոյտի ներկայացում եւ 2014ի նաւապտոյտի յայտարարութիւնը, որուն յաջորդեց 16րդ տարուան տօնախմբումը։
Հայկական աւանդական պարի ներկայացում։
Հայկական պարահանդէս։
– Չորեքշաբթի, 16 Յունուար. Այցելութիւն Քէյմըն Այլընտ։
Առաւօտեան պաշտամունք։
Արձանագրութիւն եկող տարուան։
Հայկական շարժապատկերի ցուցադրութիւն եւ հայկական պարահանդէս։
– Հինգշաբթի, 17 Յունուար. Այց՝ Մոնթեկօ Պէյ, Ճամայքա։
Առաւօտեան պաշտամունք, արձանագրութիւն:
Շարժապատկերի ցուցադրութիւն։
«Թավլու»ի եւ պլոթի մրցոյթ։
Կլոր սեղան՝ «Ի՞նչ են մեր ակնկալութիւնները Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններէն» շահեկան թեմայով, մասնակցութեամբ Քանատայի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Եկանեանի, Քեն Խաչիկեանի եւ փրոֆ. Անդրանիկ Գասպարեանի։ Համադրող՝ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագիր Աբօ Ճապարեան։
Հայկական աւանդական պարի երեկոյ եւ հայկական պարահանդէս։
– Ուրբաթ, 18 Յունուար. Ծովու բացը։
Առաւօտեան պաշտամունք, արձանագութիւն։
Հայերէն լեզուի դասընթացք։
«Թավլու»ի եւ պլոթի մրցում։
Դասախօսութիւն՝ հիւպատոս Արմէն Եկանեանի կողմէ, «Հայաստանի երկքաղաքացիութեան հարցը» նիւթով։
Դասախօսութիւն՝ Անդրանիկ Գասպարեանի կողմէ, Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին։
«Ֆեսթիվալ»՝ աւազանի շուրջ, եւ հայկական երաժշտութիւն՝ Խաչիկ Ճինկիրեանի կատարողութեամբ։
Հայկական Եռագոյն հանդերձանքի մրցոյթ՝ աւազանին շուրջը։ Ղեկավար՝ Պարպըրա Յարութիւնեան։
Հայ Օգնութեան Միութեան թէյասեղան-ընդունելութիւնը։
«Թավլու»ի եւ պլոթի մրցոյթ ու բաժակի տուչութիւն։
Վարդանանց Ասպետներու հանդիպում եւ գործունէութեան ներկայացում։
Համահայկական Ֆոնտի կազմակերպութեամբ՝ բժշկագիտական հանդիպում։ Ներկայացում՝ Իրինա Լազարեանի, մասնակցութեամբ ներկայ հայ բժիշկներու։ Ցուցադրուեցան նաեւ վաւերագրական ժապաւէններ։
Հայկական երաժշտութեան երեկոյ՝ «Օլ Սթար» նուագախումբին մասնակցութեամբ։
Փորձ մը կատարեցինք ամփոփ կերպով մէկ շաբթուան յայտագիրը ներկայացնելու, ընթերցողին գաղափար մը տալու համար, թէ ի՞նչ մակարդակի ու չափանիշերու հասած է Հայկական աւանդական նաւապտոյտը, առանց հաշուելու նաւային ընկերութեան հրամցուցած բարձրորակ «շօ»երը: