
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Մայիսին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահի հովանիին տակ իրականացուող Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրի (ԵԳԱԾ) ղեկավար եւ խորհրդատու մարմիններու անդամներուն հետ:
Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրին նպատակն է նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան յառաջընթացին եւ մարդուժի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ աջակցել հանրապետութեան երիտասարդ գիտնականներու ստեղծագործական զարգացման: Ծրագիրը ունի չորս հիմնական ուղղուածութիւն՝ երիտասարդ գիտնականներուն միջազգային գիտական գործուղումներու նիւթական աջակցութեան տրամադրում, երիտասարդ գիտնականներու գիտաժողովներու, դպրոցներու, սեմինարներու կազմակերպման նիւթական աջակցութեան տրամադրում, գիտական դրամաշնորհներու տրամադրում, մրցանակաբաշխութեան կազմակերպում:
16 Մայիսին կայացած հանդիպումին ընթացքին ԵԳԱԾի պատասխանատուները նախագահին ներկայացուցած են 2012ի Յուլիսէն – 2013 Ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանին ծրագիրի հիմնական արդիւնքներն ու ձեռքբերումները, խօսած են ընթացիկ աշխատանքներուն եւ հետագայ ծրագիրներուն մասին: Ընդգծելով, որ ծրագիրին օգտակարութիւնն անվիճելի է, նախագահը առաջարկած է երիտասարդ գիտնականներուն՝ յառաջիկային համար մշակել նաեւ ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը գնահատող համակարգ: Սերժ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու օժանդակութիւնը եւ 2013 թուականի համար կրկին յատկացնելու 100 միլիոն դրամ: Նախագահը յանձնարարած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին՝ 2014ի պետական պիւտճէնով նախարարութեան յատկացուելիք միջոցներէն 100 միլիոն դրամ եւս յատկացնել՝ այդպիսով կրկնապատկելով ծրագիրին միջոցները:
Երիտասարդ գիտնականները շնորհակալութիւն յայտնած են նախագահին՝ իրենց հարցերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ օժանդակութեան համար՝ խոստանալով տարուէ տարի աւելցնել ծրագիրները, անոնց արդիւնաւէտութիւնն ու շահառուներուն թիւը: