ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Մայիս 14ին կը հաղորդէ, թէ ատրպէյճանական բանակը իր հերթական լայնածաւալ ռազմավարժութիւններուն սկսած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանակից շրջաններուն մէջ:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ մինչեւ այս շաբթուան վերջը շարունակուող զօրավարժութիւնները տեղի կ՛ունենան պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի հրամանատարութեան տակ:
Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին ցամաքային ու օդային ուժերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.