
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս մեր Մայիս 8ի թիւով հաղորդեցինք, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը Մայիս 7ի իր ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ (10-0) որոշեց քաղաքին կողմէ ներկայիս չօգտագործուող կառոյցներէն՝ հրշէջներու թիւ 83 կայանի շէնքը Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութեան յանձնելու նպատակով բանակցութիւններու սկսիլ:
Որոշումին բանաձեւը ներկայացուած էր քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Քորեցի եւ Էրիք Կարսեթիի կողմէ եւ անոր նեցուկ կանգնած էր նոյն խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան:
Նշեալ կայանը կը գտնուի Փօլ Քորեցի ընտրատարածքէն ներս. Քորեց ու անոր անձնակազմին անդամները, ինչպէս նաեւ հայութեան հետ սերտ կապեր ունեցող Էրիք Կարսեթի ու Փօլ Գրիգորեան, իրենց կարելին ըրին հարցը օրակարգի նիւթ դարձնելու եւ արագօրէն քուէարկութեան դնելու համար:
5150 քառակուսի ոտք տարածք ունեցող շէնքը վեց տարի դադրած էր հրշէջներու կայարան մը ըլլալէ. անիկա դարձած էր շրջանին համար անբաղձալի կառոյց մը, ուր սկսած էին հաւաքուելու անբաղձալի տարրեր: Նաեւ, քաղաքապետական խորհուրդը մեծ գումարներ կը ծախսէր պարզապէս շէնքը կարելի եղածին չափ մաքուր պահելու համար: Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ կառոյցը ոչ շահաբեր կազմակերպութեան մը փոխանցելու ընտրանքը գրաւիչ թուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդին եւ տեղւոյն բնակչութեան համար:
Վերջին չորս տարիներուն ընթացքին տարբեր մակարդակներու վրայ աշխատանք տարուած էր Երեքշաբթի օրուան յաջող քուէարկութեան հասնելու համար: Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին շեշտուած է, թէ բանակցութիւններուն նպատակը պէտք է ըլլայ առնուազն 50 տարուան վարձակալութեան համաձայնութիւն մը կնքել Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութեան հետ, ըստ որուն՝ շէնքին համար պիտի վճարուի տարեկան միայն մէկ տոլար խորհրդանշական գումար մը:
Քաղաքապետական խորհուրդը տրամաբանական կը նկատէ այս գումարը՝ նկատի ունենալով, որ այս փոխանցումին շնորհիւ իր վրայէն պիտի վերցուի շէնքին խնամակալութեան ծախսերը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը խոստացած է հարիւր հազարաւոր տոլարի ներդրումներ կատարել, բարեկարգելու համար շէնքը, որ ամբողջ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան սպասարկութիւններ պիտի տրամադրէ՝ երիտասարդական, ընկերային, մշակութային ծրագիրներ իրականացնելով, ինչպէս նաեւ տարեցներուն յատուկ ժամանցներ կազմակերպելով: Յայտնենք, թէ քաղաքը նման համաձայնագիր կնքած է շարք մը այլ ոչ շահաբեր կազմակերպութեանց հետ:
Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Զօհրապ Գահուէճեան կը յայտնէ, թէ բանակցութիւնները կը շարունակուին ամբողջացնելու համար վարձակալութեան համաձայնութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք պիտի սկսի շէնքը համայնքային եռուն կեդրոնի մը վերածելու աշխատանքը: Ան աւելցուցած է, թէ ամբողջ գործընթացքին ընթացքին Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը մօտէն գործակցած է Քորեցի եւ Կարեսթիի հետ:
Կ՛ակնկալուի, որ վարձակալութեան առաջարկը ներկայացուի յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին. անոր ստորագրութենէն ետք կառոյցը պիտի յանձնուի Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութեան: