ՊԱՂՏԱՏԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարամարա».- Իր առաջին հակադարձութիւնը տալով Մայիս 8ին սկսած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն Թուրքիայէն հիւսիսային Իրաք տեղափոխութեան հարցին՝ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւթնը Հինգշաբթի, Մայիս 9ին յայտարարեց, թէ Իրաքի կառավարութիւնը «կը մերժէ զինեալ խմբաւորումներու մուտքը իր տարածքներէն ներս, որովհետեւ նման արարք մը կրնայ վնաս հասցնել ոչ միայն Իրաքի, այլ անոր դրացի երկիրներու ապահովութեան եւ կայունութեան»: Իրաքի քիւրտերուն հակակշիռին տակ գտնուող հիւսիսային Իրաքի իրադարձութիւնները յաճախ լարուածութեան աղբիւր կը դառնան Իրաքի կեդրոնական եւ հիւսիսային Իրաքի տեղական իշխանութիւններուն միջեւ, իսկ Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ եւս յարաբերութիւնները լարուած են, որովհետեւ Անգարա ապաստան տուած է Պաղտատի կողմէ հալածուող նախկին փոխնախագահին եւ ուժանիւթի ուղղակի համաձայնագիրներ կնքած է քրտական իշխանութեանց հետ:
Միւս կողմէ, մինչ քրտական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով սկսած գործընթացը գործնական գետնի վրայ իր առաջին քայլերը կ՛իրականացնէր ու քիւրտ զինեալ խմբակներ կը սկսէին լքելու Թուրքիան, երկիրի խորհրդարանը՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ առաջարկուած անուններով կազմեց «Լուծման յանձնախումբ» մը, որ պիտի հսկէ նահանջի գործընթացին։ Յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ իշխող կուսակցութեան Ամասիայէն երեսփոխան Նաճի Պոսթանճըն։
Յատկանշական է, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հրահանգով գործադրութեան դրուած այս նահանջին առաջին քայլը առնուեցաւ Հաքքարի նահանգի Շեմտինլիի գաւառակէն։ Ասիկա յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը այդ շրջանին մէջ սկսած էր իր զինեալ պայքարին։ Այս վայրը, որ շատ մօտիկ է Իրանի ու Իրաքի հետ Թուրքիոյ ունեցած սահմաններուն, իր լեռնային աշխարհագրութեամբ շատ յարմար է քիւրտերու զինեալ պայքարին։
Լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ զանազան շրջաններէ քրտական խումբեր, որոնք ընդհանրապէս 5-10 հոգիէ կը բաղկանային, սկսած են բաժնուելու Թուրքիայէն։ Ցարդ յայտնի չէ, թէ քիւրտերը իրենց զէնքերն ալ իրենց հետ կը տանի՞ն, հակառակ անոր, որ վարչապետ Էրտողան անգամ մը ըսած էր, թէ անոնք իրենց զէնքերը պէտք է Թուրքիա ձգեն։ Այս կէտը յայտնի չէ, բայց կը հաղորդուի, թէ քրտամէտ կուսակցութեան շրջանակներէն ու կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններու կազմէն բաղկացեալ քննիչ յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները կը հետեւին Թուրքիայէն հեռանալու գործողութիւններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.