
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահը ստորագրած է հրամանագիր մը, որով աշխատանքէ ազատ կացուցած է Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Անդրանիկ Միրզոյեանը եւ անոր փոխարէն նշանակած է Վահրամ Շահինեանը: Այս մասին տեղեկացուցած են նախագահի պաշտօնական կայքէն: «Հիմք ընդունելով «Յատուկ քննչական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 12րդ յօդուածի 1ին մասի 2րդ կէտը՝ որոշում եմ Անդրանիկ Միրզոյեանին ազատել Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ քննչական ծառայութեան պետի պաշտօնից»:
Այլ հրամանագիրի մը մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 5րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Յատուկ քննչական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9րդ յօդուածի 1ին մասը՝ որոշում եմ Վահրամ Շահինեանին նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ քննչական ծառայութեան պետ»: