ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 2 Մայիսին մասնակցած է մայրաքաղաքի թիւ 3 ռուսական թեքումով միջնակարգ դպրոցի վերանորոգուած շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է միջազգային չափանիշներուն համապատասխան նման կրթական օճախի առկայութիւնը՝ զայն նկատելով մշակոյթներու երկխօսութեան եւ ներթափանցման կարեւորագոյն նախապայմաններէն մէկը:
Երկրին ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է ռուսաստանաբնակ բարերարներ Սերգէյ ու Նիկոլա Սարկիսովներուն եւ Ռուբէն Վարդանեանին՝ Արցախի կրթական ոլորտին աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ նման նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչելու համար՝ աւելցնելով, որ ատիկա հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորման օրինակներէն է:
Նոյն օրը նախագահը բարերարներուն հետ այցելած է Ստեփանակերտի մանկական ստեղծագործական կեդրոն, ծանօթացած է աշխատանքային պայմաններուն եւ դիտած է հաստատութեան սաներուն պատրաստած տօնական ներկայացումը:
Ձեռնարկներուն մասնակցած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.