ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».– Ապրիլ 30ի դրութեամբ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող 7 քաղաքական ուժերէն նախընտրական քարոզչութեան նպատակով ամէնէն աւելին ծախսած է ՀՀԿն, որ հիմնադրամի 70 միլիոն 400 դրամ մուտքէն ծախսած է 67 միլիոն 974 հազար 353 դրամը:
«Փաստինֆօ»ի համաձայն, նուազագոյն ծախսերը, ինչպէս նախապէս, կատարած է «Առաքելութիւն» կուսակցութիւնը, ընդ որում, 19 Ապրիլէն ի վեր վերջինիս հիմնադրամին մէջ ո՛չ մուտք, ոչ ալ ելք կատարուած է. մինչ այդ մուտքերը եղած են 1 միլիոն 60 հազար դրամ, որմէ ծախսուած է 1 միլիոն 59 հազար 400ը:
Կեդրոնական դրամատան կողմէ փոխանցուած տուեալներուն հիման վրայ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի վերահսկիչ-վերստուգիչ ծառայութեան կազմած տեղեկանքին համաձայն, 30 Ապրիլի դրութեամբ ՀՀԿէն ետք յաջորդ ամէնէն աւելի ծախսողը եղած է ԲՀԿն: Վերջինիս հիմնադրամ մուտքագրուած 68 միլիոն 577 հազար դրամէն ծախսուած է 66 միլիոն 537 հազար 554ը:
«Օրինաց Երկիր»ը մուտքագրուած 28 միլիոն 57 հազար 250 դրամէն ծախսած է 24 միլիոն 807 հազար 848ը:
Հայ Ազգային Կոնգրեսի հիմնադրամ մուտքագրուած 22 միլիոն 199 հազար 400 դրամէն ծախսուած է 17 միլիոն 908 հազար 500ը:
«Բարեւ Երեւան» դաշինքի հիմնադրամ մուտքագրուած 7 միլիոն 120 հազար դրամէն ծախսուած է 5 միլիոն 735 հազար 164ը:
ՀՅԴի հիմնադրամի 5 միլիոն դրամի մուտքերը քարոզարշաւի սկիզբէն ի վեր մնացած են անփոփոխ, Ապրիլ 30ի դրութեամբ անկէ ծախսուած է 3 միլիոն 520 հազար 213ը:
Ընտրական օրէնսգիրքին համաձայն, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւնը, կուսակցութիւններու դաշինքը զանգուածային լրատուութեան միջոցներով նախընտրական քարոզչութեան իրականացման, դահլիճներու, տարածքներու վարձակալման, քարոզչական պաստառներու պատրաստութեան (տեղադրման), քարոզչական տպագիր եւ այլ նիւթերու ձեռքբերման, ընտրողներուն տրամադրուող քարոզչական ամէն տեսակի, ներառեալ՝ տպագիր նիւթերու պատրաստութեան ֆինանսաւորման համար իրաւունք ունին ծախսել 75 միլիոն դրամը չգերազանցող գումար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.