ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հաւատարիմ մնալով տարիներու աւանդութեան՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը այս տարի եւս եկեղեցական արարողութիւններով ու ժողովրդային հաւաքներով նշուեցաւ Արեւմտեան թեմին մէջ։
Այս տարի, Ցեղասպանութեան 98ամեակին առիթով, Երեքշաբթի, Ապրիլ 23ի երեկոյեան, Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ Ս. պատարագ մը՝ մասնակցութեամբ հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներու եւ խուռներամ բազմութեան։
Ս. պատարագը մատուցեց Միացեալ Նահանգներու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Պատգամ ուղղեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ Հայ կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հայ աւետարանական եկեղեցներու միութեան հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան եւ պատարագիչ առաջնորդ սրբազանը արտասանեցին սրտի խօսքեր։
Առաջնորդ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ պատարագ կը մատուցէ մեր նահատակներու կտակի հաւատարմութեան ու մեր ուխտի վերանորոգման ոգիով: «Այսօր ու միշտ պէտք է յիշել մեր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին վասն հայրենիքի ու հաւատքի, հետեւաբար՝ իւրաքանչիւր Ապրիլ 24 անոնց զոհաբերութեան պատգամէն բխող խորհուրդներուն հաւատարմութեան օր է։ Մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերը նահատակուեցան եւ իրենց կեանքերը զոհաբերեցին, որպէսզի մեր ժողովուրդին յաւերժութիւնը ապահովուի», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը, որ անդրադարձաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պահանջատիրական յայտարարութեանց՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդը նոյնացած են իրաւատիրութեան կեցուածքին մէջ։
Պատարագէն ետք, հոգեւոր հայրերն ու ուխտաւոր ժողովուրդը համախմբուեցան տաճարին շրջափակը կանգնող խաչքարին շուրջ ու հոգեհանգստեան արարողութեամբ գլուխ խոնարհեցին նահատակներու անմեռ յիշատակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.