ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Դրամատուներու ընդհանուր միութեան կողմէ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին կազմակերպուեցաւ 42րդ Միջազգային նամակագրութեան երիտասարդներու մրցումը, որուն նպատակն էր «խօսքը կը ցնդի, գիրը կը մնայ» ճշմարտութեան լոյսին տակ երիտասարդները մղել գրաւոր ձեւով արտայայտելու իրենց գաղափարները, նաեւ անոնց մօտ արծարծել գրականութեան սէրը:
Նամակագրութեան այս տարուան նիւթն էր՝ «Ջուրը ինչո՞ւ արժէքաւոր է» հարցումը։
«Այս մրցումին մասնակցեցան բազմաթիւ երիտասարդներ։ Շատ պատուաբեր եւ ուրախալի է, որ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին, այս մրցումին մէջ առաջին հանդիսացաւ Էրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտուհի Լարիսա Ըլկար։
«Լարիսա Ըլկար իր այս յաջողութեան որպէս մրցանակ արժանացաւ 3000 Թրքական լիրայի, նաեւ միջին հասակով դրոշմաթուղթի ալպոմի մը։ Այս մրցանակատուչութեան համար Ուրբաթ, 3 Մայիսին , Մէրամէթճեան Վարժարան պիտի այցելեն Իսթանպուլի եւրոպական Ափի նամակատան գլխաւոր տնօրէնութեան պատասխանատուները, Լարիսա Ըլկարի մրցանակը հանդիսաւորապէս յանձնելու համար իրեն», կը յայտնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.