ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի «ռուսական վարժարան»: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան առաջարկով, 2 Մայիսին Հայաստանի կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ դրուած է «Ռուսական վարժարան» հիմնադրամ եւ կրթական հաստատութիւն ստեղծելու մասին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիրին համաձայնութիւն տալու հարցը։
Որոշման հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ վարժարանը բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ Հայաստանի քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող ռուս քաղաքացիներուն երեխաներուն համար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ռուսերէնով միջնակարգ կրթութեան երրորդ աստիճանի հանրակրթական ծրագիր իրականացնելու եւ որակեալ կրթութիւն կազմակերպելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.