(«Ծէս Անցման»ի Ներկայացման Առիթով)
Պ. ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
«…Ու որբ հոգիս քո կարօտում
յաւերժօրէն մխա՜ց, մխա՜ց,
Որպէս կարմիր մի ողջակէզ
Արիւնոտուած, հրէ մի խաչ…»
Եղիշէ Չարենց
(Ողջակիզուող Կրակ-«Իրիկունը)
20 տարեկանին գրուած (1918) Չարենցի այս գլուխգործոցը, ահա երկրորդ անգամն է, որ կ՛անցնի անմահութեան գիրկը՝ շնորհիւ «Լարք»ի հիմնադիր եւ խմբավար Վաչէ Պարսումեանի, որ կ՛առաջարկէ ամերիկացի երիտասարդ երգահան Եան Քրաուսի զայն՝ ուրիշ չորս Չարենցեան քերթուածներու հետ, վերածել երաժշտական պօէմայի։ Եւ ահա այսօր՝ 19 Ապրիլ 2013ին, Ուրբաթ երեկոյ, հեղինակ Քրաուսի ներկայութեան, այս հոգեթով պօէման կը շողայ նոր «Լարք»ի «Գեղարդ» երգչախումբին եւ երգչուհի Շուշան Պարսումեանի կատարմամբ, Կլենտէյլի Երիցական (Presbyterian) եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ անկէ երկու օր ետք, նոյներու կատարմամբ՝ որպէս «Դիլիջան» համերգաշարի վերջին համերգի վերջաբան կտորը։ Այսպէս, Ստալինի սարքած եղեռնին, 40 տարեկանին, 1937ին զոհուած Չարենցի ճարճատող մեծութիւնը, 76 տարի ետք կը փայլատակէ աւելի շքեղ քան երբեք. ան երկրորդ անգամ կ՛անմահանայ, այս անգամ՝ երաժշտականօրէն, ոչ-հայ հրաշալի մարդու մը տեսիլքին եւ ներշնչման շնորհիւ, Ապրիլ 24ի վերակոչութեանց այս օրերուն։
«Այս աշխարհում իրիկնային, ուր ապրեցիր միայն մի ժամ,
Հրաշք էր, սիրտ, հրափթիթ, ծաղկումը քո հրաշուշան»։
Կանուխ էր. ժամանակ ունէի աչք մը պտտցնելու յայտագիրին վրայ. ի՜նչ յայտագիր… գիրք է՝ պատկերազարդ հանդէս, իսկական դպրոց. հինգ տարի ետք զայն թղթատողը պիտի վերապրի այս օրուան հանդիսութիւնը։ Ահա մէկը, որ չի գոհանար արուեստի բարձրագոյն ճաշակով համերգ պատրաստելով, կը փափաքի նաեւ լուսաբանել ունկնդիրը կարելի բոլոր ձեւերով՝ հաճելին, օգտակարը եւ անմոռանալին ի մի բերելով 35 էջնոց շքեղ գրքոյկի մը մէջ, անգլերէն եւ հայերէն։
Ահա անոր էջերը. «Լարք»ի ատենապետ Անդրանիկ Թորոսեանի փիլիսոփայական ներածականին կը յաջորդէ գեղարուեստական ձեւաւորումով երեք հեղինակներու նկարները՝ Կոմիտաս, Սթրավինսկի, Քրաուս. երգացանկի ամփոփումը եւ իւրաքանչիւր երկի ներքին բաժանումները եւ կատարողներու անունները, հովանաւորներուն ապա երգչախումբ-նուագախումբի անդամներուն անունները, ութ մենակատարներուն նկարներն ու կենսագրական գիծերը, ապա կրկին նկարազարդում եւ բուն յայտագիրը՝ Կոմիտաս, «Շար Հարսանեկան Երգերի» (նախամուտ եւ երկու լեզուով երգերուն խօսքերը՝ միշտ գունաւոր ու ճաշակաւոր), ապա երկրորդ երկը՝ նախամուտ եւ խօսքերը, Սթրավինսկիի «Հարսանիքը», իր բոլոր ենթաբաժանումներով, ռուսերէն եւ անգլերէն (13 էջ ամբողջական բնագիրը), եւ վերջապէս՝ Չարենցի խօսքերուն վրայ՝ «Զոհաբերումի Հուրը», Քրաուսի գործին եւ անձին մասին տեղեկատուութիւն եւ հայերէն-անգլերէն՝ Չարենցի հինգ քերթուածներուն բնագիրները։ Այս բծախնդիր յայտագիրին վերջին էջերուն կը գտնուին այն բոլոր նուիրատուներուն անունները, որոնց շնորհիւ աւազախրուած ԼԱՐՔ-տորմիղը կրցաւ տակաւ շտկուիլ, եւ տակաւ զօրանալով՝ մահամերձ ԼԱՐՔ-բազէն վերսկսաւ ճախրելու։
Անդրանիկը եւ Վաչէն ըսին իրենց խօսքը։ «Կոմիտասը հոս ներկայ է այսօր», ըսաւ «Լարք»ի ատենապետը. հոն իմացականօրէն ներկայ էին նաեւ Սթրավինսկին ու Չարենցը՝ հայահոգեղինացած ամերիկածին Քրաուս երգահանին կողքին։
Ուշադրութիւնս կը գրաւէ երգչախումբի անդամներուն անսեթեւեթ պարզութիւնը. անոնք բեմ կու գան իրենց առօրեայ աշխատաւորի-ծառայողի հագուստներով… Վաչէն հուսկ մինակը կը կատարէ բեմական վերջնագոյն անաւարտ մնացած յարդարումները՝ բարձրաձայն մրթմրթալով՝ «Հայկական առածը կ՛ըսէ՝ թէ՛ աղա, թէ՛ ծառայ»։ Հոս կ՛ուզեմ յիշել ուրիշ «ծառայ»ի մըն ալ անունը՝ Բարսեղ Թօփճեանը. ան յանձն առած էր յայտագրուած երեք գործերուն երկլեզու բառերը ներկայացնել մեզի, երգեցողութեան ընթացքին բարձրադիր երկու պաստառներու վրայ ելեկտրոնային «թեքնիք» սարքերով։ Այսքան պատրաստութենէ ետք, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ «Լարք»ի հին օրերու փառքին ու մեծութեան վերականգնումը եւ վերազարթնումը տեղի չունենայ։
Այս «Ծէս Անցման»ը ունէր (Rite of Passage) ոգեզարթման կամ հոգեգալստեան ուժգնութիւնը՝ պարզ համերգէ մը շատ աւելի անդին եւ վեր սլացող։ Այո՛, այս համերգը երգաշնչային, երբեմն ալ երկնաշնչային եւ երկրաշնչային տարածքներ ունէր։ Այսինքն, ահագնադղորդ (ռուս հեղինակին մօտ) ջիղ մը ունէր անիկա, հողեշունչ-հոգեշունչ տրոփ-տրոփիւնի հետ միախառնուած, յանկարծ գինարբուքի ոգիի շրջադարձում նախամարդու նախնականութեամբ յագեցած (Սթրավինկի), ահա բո՛ւն մարդը, ոգի-հոգի-մոխիր, արիւն-հուր-ծէս, վերադարձ-անդրադարձ իր բնազդային ներքին ու ծիսական աշխարհին. մարդէն ետք մոխրացած ու օտարացած եղեռներու միջով անցած հայ հայրենիքի շունչն ու աւիւնը եւ, ի վերջոյ, ինքզինք լրիւ վերագտած «Լարք»ը, ըսել է՝ օտարացումի շեմին թեւակոխած հայ մարդ-հայ լեզուն, որ կը վերափթթի փութով, յօշոտուած, բռնաբարուած հայ հայրենիքը, որ կը վերընձիւղի ուրիշ տեղ ուրոյն կեանքով, վերջապէս կարեվէր ԼԱՐՔ-թռչունը կը վերագտնէ իր էութիւնը, իր իմացական-ոգեշնչային «գեղարդ»ը, այսինքն՝ գեղարուեստակորիզ շնչառութիւնը, «Գեղարդ», «Լարք»ի մեծերու երգչախումբին նոր անունը։
Կրկին, երգայորդ «Անցման ծէս մը», ուր մէկ կացութենէն միւսին անցումը կը կատարուի երեք կորիզային երկերու բոցավառումով. Կոմիտաս-Հայ գիւղ, Սթրավինսկի-Նախնիներու հարսանիք, ապա՝ Չարենց-մոխիր-ժամ մը կեանքի մթերգութիւն (Եան Քրաուս)։ Կեանքը մաքրող երգուղին, կեանք կերտող մասնիկը միայն հեթանոսական հուրը չէ այլեւս, այլ նաեւ՝ զոհաբերութեան վեհ ոգին, որ կը խորհրդանշէ Վ. Պարսումեան-Քրաուս երկակը։
Հազիւ Ե. Քրաուսի «Fire of Sacrifice» կտորը վերջ գտած էր ներկայացման օրը, ականատես եղանք ինչպէ՜ս Վաչէն սլացաւ դէպի հեղինակը եւ ուժգին գրկախառնումէ մը ետք, Չարենցի հինգ քերթուածները անմահացուցած հեղինակին հետ երկուքով բեմ բարձրացան, խելահեղ ծափահարութեան տարափին տակ։ Այդ պահը տօ՛ն էր, բոլոր իրա՛ւ հայ հոգիներու լուսաւոր Կիրակին էր։ Քրաուս յաջողած էր կերտել Չարենցեան «մութուլուս» ներաշխարհը՝ մեծ ներշնչանքով, գրեթէ Կոմիտասեան բառամթերքով եւ հարազատութեամբ։
Բայց սկիզբէն սկսինք։
19 Ապրիլի յայտագիրի Ա. մասի երկու նոյն բովանդակութեամբ կտորները իրարմէ տրամագծօրէն տարբեր էին։ Կոմիտասի բազմաձայնութիւնը կը զարգանայ պահուած ձայներու հորիզոնական ձայնախմբային անցումներով, բամբ ձայներէն աստիճանաբար դէպի զիլերը։ «Փեսին Արդուզարդը»ին կը յաջորդեն «Մաղթանք»ը եւ «Աղօթք»ը, ուր երկար եւ լեցուն ձայները չեն ընդհատուիր, այլ հոգեւոր զսպուածութեամբ կը շրջագային։ Վաչէն բնաւ աճապարանք ցոյց չի տար, ընդհակառակն, աւելի եւս կ՛ընդգծէ բռնուած եւ շաղկապային մասնիկները ձայներու՝ առանց ձգտելու աւելորդ արտայայտչապաշտութեան։ «Փեսին Գովքը» տխուր շեշտ մը ունի, երբ կ՛ըսէ «Մեր Թագւորն էր խաչ-խաչվառ խաչումաչ, հայոց խաչումա»չ, որուն «պսակն է կարմիր» (արի՞ւն թէ խայտանք), իսկ արեւը՝ «կանա»չ՝ կարմիր-կանաչը ըլլալով հայկական խորհրդանշանը խօսեցեալներուն միացման։ Ապա, «Խաղասելուկ» կատակերգը հարսնեւորներու ժամանումն է։ Գեղի «ռես»ները (գիւղապետները-Խմբ.), առաջին ժամանողները, իրենք զիրենք կարեւոր կը զգան, ուրկէ եւ՝ երգին քմծիծաղանման դարձուածքը. յաջորդ ժամանողն է երկնուց արեւ թագաւորը, այսինքն՝ փեսացուն, ապա՝ հարսը, լուսին ամպերի տակ թագուհին. ի վերջոյ կը ժամանեն… ճընճըղներ՝ ճըլվըլալէն. դժուար է կռահել ասոնց ո՞վ ըլլալը, բայց անմիջապէս կը բացայայտուի՝ մեր… տիրացուքն են։ Ի վերջոյ կը հնչէ իրապէս զուարդագին, «Շուրջպար»ի նշանաւոր «Թագւորի մեր դուս արի, Տես քէ ինչե՛ր-ինչե՛ր ենք բերէ»ն: Անիկա կը բաղկանայ չորս երգապատկերներէ՝ ջուր բերող, կով կթող, տախտ աւլող եւ վերջապէս՝ գլուխ դմբող։ Վաչէն ձայնային յատուկ բեւեռացումով կը շեշտէ «գլուխ դմբող» զաւեշտաբանումը, որ մեր հին գաւառներուն մէջ միայն կը շողշողար։ Զսպուածութեան այս գոհարը գեղարուեստական յիշեցում մըն է մեր նահապետական կեանքին՝ Արեւմտահայաստանի հին խորհուրդներէն։
Սթրավինսկիի «Les Noces» «Հարսանիք»ը, 1923ին գրուած իբրեւ բեմապար (ballet), ունի տարօրինակ երաժշտագործիքաւորում, մանաւանդ ի՛ր ժամանակուան համար. այսպէս, երկսեռ երգչախումբին եւ չորս մենակատարներուն կ՛ընկերանան չորս դաշնամուր եւ աղմկարար հարուածայիններու խումբ մը։ Մեղեդի գրեթէ գոյութիւն չունի հոս, ո՛չ մելամաղձոտ, ոչ ալ զուարթաբոյր. որքան, որ գիտեմ՝ այս մօտ 35 վայրկեաննոց կտորը կառուցուած է չորս նոթաներու վրայ եւ նշանաւոր է իր բրտութեամբ, վախազդու խրթնաբանութեամբ, դժուարամերձութեամբ, ճչային-մուժիկային նախնականութեամբ: Սակայն կը նկատուի հեղինակին առաջնակարգ գործերէն մին։ Հեռու իր Ռուսաստանէն, կարծես անտարբեր հոն տեղի ունեցած 1917ի յեղափոխութեան հանդէպ, Փարիզի եւ Ժընեւի միջեւ դեգերող՝ Սթրավինսկի ի՛ր ձեւով, իր հանճարի ուժով առած է իր հեռու հայրենիքի կարօտը։ Այդ չորս ձայնանիշերը ան վերածած է մտրակային շաչիւններու, հեթանոսական պոռթկումներու, գրեթէ վայրի կամ վայրենիներու յատուկ անզսպութիւններու, տեսակ մը հանճարեղ ճիչերու բազմաձայնուած շքերթի…։ Գեղեցիկ-վիպապաշտական մեղեդիներու հետքն իսկ չկայ, նոյնիսկ մեներգիչներու երգածները յաճախ հեթանոս մերկութեամբ կ՛ընթանան։ Հարուածայիններն ու չորս դաշնակները աւելի պերճախօս են իրենց պայթուցիկ արտաբերումներով, քան հարսն (Շուշիկ Պարսումեան) ու թենոր փեսան (Րաֆֆի Քերպապեան, հոս մասնաւորապէս շնորհաւորելի) եւ իրենց հետինները (Էտ Լեւի՝ պարիթոն, եւ Կարինէ Աւագեան՝ մեցօ)։ Անոնք չէին կրնար աւելի ճչալ կամ բղաւել, որքան ալ ընդունելի պիտի ըլլար այդ արտայայտաոճը, տրուած ըլլալով, որ հարուածային նուագարանները անմիջապէս միջամտելով կը սպառնային լռեցնել մարդկային ձայնը։ Միւս կողմէ, բնագիրի կոշտ գաւառական-նախնական ռուսերէնը յաղթահարուած էր. շնորհիւ երգչախումբի հայաստանցի երգողներուն, կարելի եղած էր զայն հասկնալ ու թարգմանել, թէեւ այս ամբողջը երգուեցաւ այդ նախնական ռուսերէնով՝ բոլորին կողմէ. անհաւատալի…։ Այս ահաւոր բարդութիւններէն ետք, վերջաւորութեան, երբ մեղմ զանգակներու ղօղանջը խաղաղութիւն եւ տեսակ մը լռութիւն կը պարտադրէին «հարսնեւորներուն», այս հեթանոսախառն ճիչ-պոռթկումները կը մեղմանան եւ այս անգամ քիչ մը մահագոյժ նոյն չորս նոթաները, նորապսակ զոյգը կ՛առաջնորդեն այլեւս համբուրուելու եւ քիչ մը մեկուսանալու…:
Այս երկը տակաւին պէտք է երեւակայել բեմապարային յաւելեալ ճոխութեամբ։ Չեմ կրնար երեւակայել 1923ին, այս գործին մեկնարկի օրը, Նիժինսկիի բեմապարողները ի՜նչ տեսակ պար պարած պէտք է ըլլան… Ընդունինք, որ այս երկին ներկայացումը, նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ, մինչեւ այսօր կը խրտչեցնէ երաժիշտներն ու խմբավարները։
Աւելի քան խիզախութիւն-արկածախնդրութիւն էր Վաչէին կողմէ այս երկին ընտրութիւնը՝ տրուած ըլլալով, որ ան ծանօթ է որպէս համաշխարհային երգացանկի դժուարագոյն երկերէն մին. անոր այս կատարումը Վաչէ Պարսումեանի հին փափաքի մը իրագործումն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ շնորհիւ «Լարք»ի տղայոց յամառ քաջութեան եւ Վաչէի արուեստի տեսիլքին ու կամաւոր, շարունակական ջանադրութեան։
Ինչպէս գիտենք, ասկէ 8-9 տարի առաջ հիմնադրուած «Դիլիջան» սենեկային երգաշարի երկու պատասխանատուները՝ Վաչէ Պարսումեան եւ Մովսէս Պօղոսեան, սկիզբէն իսկ որոշեցին հաստատել արժէքաւոր աւանդութիւն մը. անոնք հայ թէ ոչ հայ երիտասարդ յօրինողներու կը պատուիրեն նոր երկեր, նոր երգեր։ Անոնց այս ստեղծագործութիւնները ոչ միայն եզակի կերպով կը ճոխացնեն տարեկան վեց համերգներու «Դիլիջանի» յայտագիրները, այլ հրաշալի քաջալերանք մը կը հանդիսանան նոր տաղանդներու ստեղծագործական փթթումին՝ Հայաստան թէ Ամերիկա։ Ահա այսպէս է, որ ծնունդ առած է Ամերիկացի երգահան Եան Քրաուսի «Fire of Sacrifice» գործը։ Ան արդիւնքն է «Դիլիջան»ի 22րդ պատուէրին։
Չարենցի հինգ քերթուածներէն երեքը առնուած են «Ողջակիզուող Կրակ» (1918-1919) հատորէն, իսկ միւս երկուքը՝ «Հրոյ Երկիր» (1913-1916) եւ «Ութնեակներ Արեւին» (1921) հատորներէն։ Վաչէն ոչ միայն զանոնք թարգմանած է անգլերէնի, այլ յաւելեալ բացատրութիւններով յօրինողին տեղեկութիւնները ամբողջացուցած է։ Գործը գրուած է սոփրանոյի եւ երկսեռ երգչախումբի համար, 2012ին։ Ինչպէս ըսինք, 19 Ապրիլին համերգը անոր համաշխարհային մեկնարկն էր։
Քրաուս զայն յօրինած է վեց ամիսներու ընթացքին։ Այս գործը Քրաուսի հայկական ներշնչմամբ գրուած երկրորդ կտորն է. առաջինը՝ կրկին պատուիրուած «Դիլիջան»ի կողմէ, մեկնարկուեցաւ 2010-2011 տարեշրջանին, պարիթոն Վլատիմիր Չերնովի մասնակցութեամբ։ Այս անգամ, հոյլ մը հայ բանաստեղծներու փոխարէն, Ե. Քրաուս մեկնած էր բացառապէս Չարենցեան գործերէն։ Հեղինակ Քրաուս խորապէս յափշտակուած է Չարենցի զգացական ներաշխարհէն. կը մէջբերեմ ի՛ր իսկ խօսքը՝ առանց հայացնելու փորձի «…the poet is eager to embrace a new and blazing life… he is not concerned with losses he may suffer in the process… he willingly delivers everything old to the cleansing fire of the coming fiery dawn»։ Սիրայինէն վեր կայ ուրիշ աշխարհ մը, որով բռնկած է Չարենց եւ որուն հարազատ թարգմանը կը հանդիսանայ Ե. Քրաուս։
Սկիզբը, «Վառւում է հեռու մի սէր… Օրհնում եմ կեանքում հիմի, ամէն հուր, ամէն մոխիր», միայնակ խմբերգային նախամուտն է, ծանր, հոգեմաշ. բարձր ձայները, ըսես, անդին կը քշեն «յոգնած օրօրները» եւ «նոր երկիր» մը կը բացուի իր դէմը։ Ապա կը բացուի երկրորդ արարը՝ «Երբ դադարեց հեծկլտանքը քո… Հասկացայ յանկարծ, որ թէ՛ մութ, թէ լոյս, Երկուսն էլ չկան, երկուսն էլ՝ երազ», սոփրանօ եւ երգչախումբ։ Այս մէկը ռոմանս մըն է՝ կարծես «Մի լար, մի թացիր աչերդ»ի կտաւով հիւսուած։ Համակ նուիրում կը ծորի թէ՛ հեղինակ Քրաուսի գրիչէն, թէ՛ Շուշիկ Պարսումեանի յուզական մեկնաբանութենէն։ Ան հատուած մըն է 1916ին գրուած «Հրոյ Երկիր» երկէն։ Սոփրանոյին վերի զիլ ձայները կ՛ընդելուզուին խմբերգի կուռ հիւսուածքին։
Յանկարծ մթնոլորտը կը վերածուի հեթանոսական բագոսերգութեան, երբ երգչախումբը ազատօրէն կը գրոհէ ուժգին՝ «Միայն խմիր արեգակի բոյրը ջինջ՝ արեւ դարձիր… ուրիշ ոչինչ չի կամենայ սիրտը իմ… տենդը արեան, արեւահամ խնդութիւն…», կշռոյթը, ալիքաւոր վեր ու վար, կը գոյացնէ անցաւոր վիհեր, որոնց վրայ կը տարուբերի ողջ երգչախումբը, որուն պոռթկումներէն արեւ կը հոսի։ Իմ ճաշակով այս հատուածը յաջողագոյնն է հինգերուն մէջ. անիկա իր բուռն թափին մէջ Չարենցի ամբողջ հրայրքը կը բացայայտէ։ Չորրորդ քերթուածը կրկին թախիծներու ծովը կը մխրճէ մեզ՝ «Այս աշխարհում իրիկնային ո՛ւր ապրեցիր միայն մի ժամ… Դու ծաղկեցիր, սիրտ իմ, որպէս հրափթիթ կարմիր գարուն… Արիւնոտուած, հրէ մի խա»չ։
Հեռաւոր շարականի նման երգչախումբը կարծես կը ջանայ մխիթարել միայնակ տառապող սիրտը։ Երկը կը վերջանայ համեմատաբար լաւատեսութեամբ. «Սիրտս կարմիր կրակ… երկնի մովում, իրիկնային այս աշխարհում, քաղցր մի զոհ…»։ Քրաուս օգտագործած է կշռութաւոր բաբախում, այսպէս՝ երկու կարճ տրոփներու միջեւ երկար մը, համամարդկային սիրտը, որ կեանք կը բաբախէ, կեանք կը շշնջէ «երկնքներում ցուրտ ու սին…»:
Չարենցի սուրբ արիւնը այսպէս կը կոթողանայ յաղթական երկու արուեստագէտներու՝ Վ. Պարսումեանի եւ Ե. Քրաուսի միացեալ գիտակից ուժերու համադրումով, նաեւ՝ «Լարք»ի «Գեղարդ» երգչախումբին եւ Շուշիկին մասնակցութեամբ, որոնք մեր առջեւ պարզեցին գեղեցիկին հրաշքը՝ Չարենցին ներգործիչ մեծութեան բեղմնաւորումով։