ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ՝ հաստատելով, որ կը զօրակցի ընտրական որեւէ օրէնքի, որուն շուրջ կը համաձայնին լիբանանցիները եւ աւելցնելով, որ պէտք է մէկ ամսուան ընթացքին մշակել ընտրական օրէնք մը, ինչպէս նաեւ կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
Պըրրի շեշտեց, որ ինք քաջալերած է ընտրական օրինագիծերու քննարկման ենթայանձնախումբը գումարելու իր նիստերը՝ ընտրական խառն օրինագիծին շուրջ համախոհութեան յանգելու համար, պայմանաւ, որ այդ համախոհութիւնը գոյանայ ամէնէն մօտիկ առիթով, նոյնիսկ Մայիս 15ին գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստէն առաջ:
Պըրրի կարեւոր նկատեց նաեւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակայել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.