ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի Ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրատարակած է հաղորդագրութիւն մը, որով պարզաբանած է վերջին օրերուն մամուլին մէջ տարածուած այն տեղեկատուութիւնը, թէ՝ «ոստիկանական համակարգին մէջ բացայայտուել է ինչ որ ֆինանսական բուրգ, ինչպէս նաեւ անթաքոյց բացայայտումներ արել Ոստիկանութեան Երեւանի վարչութեան արդէն նախկին ղեկավար Ներսէս Նազարեանի պաշտօնանկութեան շարժառիթների մասին»: Նշուած է նաեւ՝ «ծառայութեան եւ բիզնեսի համատեղումը եւ, այսպէս ասած՝ սերտաճումը հասարակութեան որոշակի շերտերի հետ»։
Ոստիկանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.
««Հայկական ժամանակ» օրաթերթը արդէն մի քանի օր լուրեր է տարածում բարձրաստիճան ոստիկանների կողմից ստեղծուած ու ղեկավարուող ինչ որ ֆինանսական բուրգի բացայայտման մասին:
«Ոստիկանութիւնը նման ինֆորմացիայի չի տիրապետում եւ տեղեկատուութիւն ունեցողներին առաջարկում է տրամադրել իրենց ձեռքի տակ ունեցած բոլոր տուեալները:
«Հաւաստիացնում ենք, որ գործին պատշաճ ընթացք կը տրուի, եւ հասարակութիւնը մէկ անգամ եւս կը համոզուի, որ ոստիկանութիւնը լիարժէք կատարում է օրէնքով նախատեսուած իր խնդիրները:
«Ինչ վերաբերում է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Ներսէս Նազարեանին զբաղեցրած պաշտօնից ազատելուն, ինչը այս օրերին լայնօրէն քննարկւում է զանգուածային լրատուամիջոցներում, ապա ասենք, որ դա աշխատանքային մօտեցում է եւ լիովին տեղաւորւում է ոստիկանութեան բարեփոխումների տրամաբանութեան եւ կադրային քաղաքականութեան շրջանակներում:
«Ոստիկանութեան համար սկզբունքային է ծառայութեան եւ բիզնեսի համատեղման բացառումը, այսպէս ասած՝ սերտաճումը հասարակութեան որոշակի շերտերի հետ, ինչը անխուսափելի է նոյն տեղում տեւական աշխատանքի դէպքում ու բացասաբար է ազդում օպերատիւ իրավիճակի եւ ծառայողական գործունէութեան արդիւնքների վրայ:
«Տուեալ դէպքում, մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տուել, որ Երեւան քաղաքի կայազօրի աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը նուազել է, ինչն անթոյլատրելի է, եւ պէտք է անյապաղ միջոցներ ձեռնարկուէին իրավիճակը շտկելու համար:
«Ոստիկանութիւնը կարեւորում է իր առաքելութեան լիարժէք իրականացումը, իսկ մնացածը անհիմն եւ անիմաստ խօսակցութիւններ են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.