
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ խմբակցութեան անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի վարչապետի նշանակման երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 6ի կէսօրին հանդիպում մը ունեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց հետեւեալը. «Մեկնելով մեր համոզումէն, որ պէտք է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը վերահաստատել՝ յատկապէս այս զգայուն պայմաններուն ընթացքին՝ նկատի ունենալով, որ Լիբանանը եւ ամբողջ շրջանը կը դիմագրաւեն լուրջ հարցեր ու տագնապներ, ինչպէս նաեւ հաւատալով, որ Լիբանանը համերաշխութեան, ազգային գոյակցութեան, համախոհութեան, չափաւորականութեան, երկխօսութեան, բոլոր ուժերու մասնակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի երկիրն է՝ Հայկական երեսփոխանական խմբակցութիւնը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իրենց բարեկամին, երեսփոխան Թամմամ Սալամի անձին մէջ կը գտնեն չափաւորական եւ ազգային անձնաւորութիւնը, որ այս հանգրուանին ատակ է ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը: Նախկին վարչապետ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ու լիբանանահայութեան բարեկամ Սայէպ Սալամի զաւակին՝ Թամմամ Սալամին, յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ իր շուրջ գոյացած ազգային համախոհութիւնը կը գործնականացնէ՝ կազմելով ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ կը ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, որոնք հիմնական քայլերու կը դիմեն պետականութեան կերտման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ կը լուծեն երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը»:
Յայտնենք, թէ ամիսներու լարուածութենէն եւ քաղաքական գրգռութիւններէն ետք, անցնող շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ տիրեց համախոհութեան աննախընթաց մթնոլորտ մը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ 124 երեսփոխաններու առաջադրանքով երեսփոխան Թամմամ Սալամ նշանակուեցաւ վարչապետ: