ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանեան «Կռունկ էյր» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի փորձէ վերածնունդ տալ հայկական ընկերութեան՝ «Արմաւիա»ի սնանկացումէն ետք։ «Կռունկ էյր» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վլադիմիր Պօղոսեանը «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս ամիս արդէն Երեւան պիտի հասնի առաջին «A-340» օդանաւը, ապա՝ «A-320» 2 օդանաւեր եւս: Կը նախատեսուի կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին օդանաւերուն թիւը հասցնել 8ի։ Ըստ Վ. Պօղոսեանի, բոլոր օդանաւերը սեփական են, ոչ մէկը վարձուած պիտի չըլլայ:
«Կռունկ էյր»ը արդէն առաջարկած է «Արմաւիա»ի անձնակազմին՝ աշխատանքի անցնելու իր մօտ: «Մենք փորձելու ենք փրկել մարդկանց, որոնց «Արմաւիա»ն փողոց է շպրտել», դիտել տուած է Վլ. Պօղոսեանը:
«Կռունկ էյր» ընկերութիւնը արձանագրուած է 3 տարի առաջ: Ընկերութեան մէջ մասնաբաժին ունի նաեւ պետութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.