ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Գլխացաւ պատճառողներէն ձերբազատելու, կեղծիքի ու անարդարութեան դէմ աղմկարար պայքար տանողները լրեցնելու դատապարտելի գործելաոճ մը կայ Հայաստանի մէջ: Այս գործելաոճը

յաճախ այնքա՛ն արդիւնաւէտ կ՛օգտագործուի, որ հանրութիւնը նոյնիսկ չ՛իմանար անոր մասին: Ենթակաները, աղմկարարները կը լրեն, հարցերը կը փակուին, զգայացունց զանցումները կը մտնեն մոռացութեան վերապահուած թղթածրարներու մէջ:
Այս նոյն ծանօթ ձեռագիրը Հայաստանի Դատախազութեան Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ փորձուեցաւ կիրարկուիլ ամերիկահայ երիտասարդ գործիչ, վերջին նախագահական
ընտրութիւններուն իբրեւ դիտորդ աշխատած Նարինէ Իսմայիլիի հանդէպ: Ի դժբախտութիւն քննչականի ապիկար պաշտօնեաներուն, այս անգամ կարելի չեղաւ վախցնել ու լրեցնել սփիւռքահայ երիտասարդուհին: Ընդհակառակը, Նարինէն յանդգնեցաւ դիմագրաւել իր դէմ գործադրուած ճնշումներն ու սպառնալիքները, եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան հակասահմանադրական, հակաօրինական ու անբարոյական գործելաձեւը հրապարակեց:
Քսանմէկամեայ Նարինէն, նախագահական ընտրութիւններուն օրը, Արտաշատի թիւ 17/5 ընտրատեղամաս գտնուելով՝ վկայ եղած էր քուէներու լցոնումի եւ այդ մասին բարձրաձայնած էր՝ զեկուցելով նաեւ միջազգային դիտորդ կազմակերպութիւններուն: Այնուհետեւ, Նայիրին ենթարկուած էր ուղղակի եւ անուղղակի ճնշումներու, որոնց վերաբերեալ եւս ան լուր չէր մնացած: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հեֆըրն, մտահոգուած Նայիրիի ապահովութեամբ՝ հանդիպած էր անոր հետ, ցոյց տալու համար, որ ուշադիր կը հետեւի իր քաղաքացիին առնչուող զարգացումներուն:
Այս ընթացքին, Յատուկ քննչական ծառայութեան պաշտօնեաներէն մէկը՝ Գորիկ Յովակիմեանը, Նայիրիին փոխանցած է, թէ իր վարչութեան մօտ կը գտնուին Նարինէին վերաբերեալ անյարմար տեսանիւթեր, եւ առաջարկած է Նարինէին՝ գալ վարչութիւն՝ վերցնելու համար այդ նիւթերը:
Տեսանիւթերը, ըստ հրապարակուած տեղեկագրութիւններու՝ պատկերներ են Նարինէի բնակարանի լոգարանի մէկ հատուածէն…
Ի զարմանս այս վատոգի պաշտօնեային ու իր նոյնքան տմարդի ղեկավարներուն, Նարինէն ոչ միայն մերժած է երթալ ու ծանօթանալ կամ վերցնել յիշուած նիւթերը, այլեւ՝ խիզախօրէն դրօշ պարզած է սարսափազդու վարչութեան դէմ՝ իր փաստաբաններուն միջոցաւ պահանջելով, որ անոնք ներողութիւն խնդրեն իրմէ:
Մենք խոր ընդվզումով կը հետեւինք Նարինէի դէմ «իրաւապահ մարմիններու»ն կողմէ գործադրուած այս աներեւակայելիօրէն անբարոյական գործունէութեան: Համոզուած ենք, որ մեր ընդվզումին կը միանան մեր ժողովուրդի լայն խաւերը, եւ որ այս արարքը դատապարտողներու շարքին կը միանան ո՛չ միայն նախագահ Սերժ Սարգսեանի կեղծուած ընտրական յաղթանակին ընդդիմացողները, այլեւ՝ անոր իսկ քուէարկողներուն մէկ կարեւոր հատուածը: Այս ձեւի գործելակերպով պետականութիւն չենք կրնար կառուցել, այս ձեւով աւելի եւս կը բարոյալքենք մեր երիտասարդները՝ զանոնք մղելով արտագաղթի:
Վերջ պէտք է տրուի այլեւս այդ խորշելի ձեռագիրով գործելաոճին: