
Մինչեւ Մայիս, Ֆրեզնոյի հայկական թանգարանին մէջ պիտի շարունակուի Հէյզըլ Անթարամեան-Հոֆմընի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, «Ներգաղթ եւ Խաբկանք. Խորհրդային Հայաստանը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք» խորագիրով:
Արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները հիմնուած են մօտաւորապէս երկու տարիներու ընթացքին Ներգաղթի կապակցութեամբ իր ուսումնասիրութիւններուն վրայ, որոնց ընթացքին ան շարք մը հարցազրոյցներ ունեցած էր Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն Խորհրդային Հայաստան գաղթած հայորդիներու հետ:
Հէյզըլ Անթարամեան-Հոֆմըն ծնած է Խորհրդային Հայաստան եւ զաւակն է Միացեալ Նահանգներէն ու Ֆրանսայէն ներգաղթած հայերու: Ան իր ընտանիքին հետ 1960ականներու կիսուն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցած է Մարտ 21ին: Ցուցահանդէսին մուտքը ազատ է:
Թանգարանին հասցէն է՝ 550 E Shaw Ave, Suite 240, Fresno CA, 93710: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 224-1001 թիւին կամ այցելել armof.org կայքը: