Նկատի ունենալով, որ չափազանց ուտելուն ստեղծած առողջապահական հարցերը սկսած են համաճարակի բնոյթ ստանալու ճարտարապետականացած երկիրներու մէջ, Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան հիւրընկալութեամբ Յուլիս 6ին կայանալիք Հայ բժշկական համաշխարհային համաժողովի գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ չափազանց ուտելու հարցը, իսկ երկրորդ գլխաւոր նիւթը՝ անբաւարար կամ ոչ առողջարար սնունդ ստանալու պարագային ստեղծուած առողջապահական հարցերը:
«Գիտաժողովը ի մի պիտի բերէ այս մարզի կարեւորագոյն մասնագէտները, որոնք մօտէն ուսումնասիրած են այս հարցերը», կը յայտնէ համաժողովը համակարգողներէն տոքթ. Մարիամ Մանուկեանը:
Ելոյթ ունեցող գլխաւոր բանախօսները պիտի ըլլան՝ տոքթ. Ճան Պիլեզիքեան, տոքթ. Սիլվա Արսլանեան, տոքթ. Քերըլայն Աբովեան ու տոքթ. Ռիչըրտ Տեքըլպաում:
«Հպարտ ենք, որ նման բարձրորակ գիտնականներու մասնակցութիւնը կրցած ենք ապահովել մեր համաժողովին համար», կը յայտնէ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Սեֆիլեանը:
Համաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aamsc.com/congress կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.