
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կանանց արհեստավարժ պասքեթպոլի Լոս Անճելըսի «Սփարքս» խումբը որոշած է հայութեան նուիրուած եկեկոյ մը իրականացնել: Հայկական տօնակատարութեան երեկոն տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ին:
Լոս Անճելըսի «Սթէյփըլզ Սենթըր»ին մէջ կայանալիք մրցումը պիտի սկսի երկոյեան ժամը 7:30ին, իրարու դէմ հանելով հիւրընկալ կազմը եւ Շիքակոյի «Սքայ» խումբը:
Կիսախաղի միջոցին պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ «Տայնեմիք Տուօ» պարի վարժարանի աշակերտները:
Տոմսերը կը սկսին 12.50 տոլարէն. խումբը նաեւ դրամահաւաքի առիթ կ՛ընծայէ կազմակերպութեանց կամ վարժարաններու:
Ձեռնարկի հովանաւորներէն մէկը ըլլալու, տոմսերու կամ այլ տեղեկութեանց համար, դիմել (213) 929-1307 թիւին կամ rkurdoglanyan@la-sparks.com հասցէին: