ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի խումբ մը անդամներու, ինչպէս նաեւ նախկին պատգամաւորներու եւ քանի մը քաղաքներու կառավարիչ մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած է Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան համախմբում մը:
Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական» ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Մարտ 19ի երեկոյեան վաւերացուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «Հիմք ընդունելով Մարդկային իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագիրով ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը, սատարելով բոլոր ժողովուրդներու, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին, գիտակցելով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման եւ կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, աջակցելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով, եւ այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն, ողջունելով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը, համոզուած ըլլալով, որ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացումը միջազգային գործընթացներէն չի նպաստեր ժողովուրդներու երկխօսութեան եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման, մենք՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան քաղաքական գործիչներս, պատգամաւորներս ու ծերակուտականներս, կը յայտարարենք Արցախի հետ բարեկամութեան համախմբում ստեղծելու որոշման մասին»:
Յայտարարութիւնը ստորագրած են Մարսէյի առաջին փոխքաղաքապետ, նախկին պատգամաւոր Ռոլան Պլիւմ, խորհրդարանի անդամներ՝ Վալերի Պուայէ, Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ռընէ Ռուքէ, ծերակուտականներ՝ Սոֆի Ժուասեն, Ֆիլիփ Մարին, նախկին երեսփոխան Ժորժ Քոլումպիէ, որ ԵԽԽՎի մօտ Հայաստանի հարցով նախկին զեկուցողն էր, եւ այլք: Յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, բարեկամական շրջանակի անդամները փաստաթուղթին միանալու կոչով դիմած են այն քաղաքական գործիչներուն, որոնք կը կիսեն ամրագրուած արժէքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.