
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը ստորագրած է վաւերագիր մը՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան հետ բարեկամական խումբ ստեղծելու մասին։ Այս մասին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն։ Ղուլեանի ստորագրած գրութեան մէջ նշուած է.
«Ընդառաջելով Լիտուայի Հանրապետութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն բարեկամական խումբ ստեղծելու մասին Լիտուայի Հանրապետութեան Սէյմասի Մարտի 14ի նիստում հրապարակուած յայտարարութեան վերաբերեալ ԼՂՀ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնների առաջարկութեանը եւ ղեկավարուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ԼՂՀ օրէնքի 18րդ յօդուածի 1ին կէտով եւ 3րդ կէտով, որոշում եմ՝
Ստեղծել ԼՂՀ Ազգային ժողովի Արցախի Հանրապետութիւն-Լիտուայի Հանրապետութիւն բարեկամական խումբ»:
Արցախ-Լիթուանիա բարեկամական խումբին մաս կը կազմեն Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Գագիկ Պետրոսեանը եւ Արամ Գրիգորեանը՝ «Հայրենիք» խմբակցութենէն, Վահրամ Աթանէսեանը եւ Արեւիկ Պետրոսեանը՝ «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութենէն, Վահրամ Բալայեանը՝ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութենէն։