ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս ընծայած է Մայր Աթոռի հոգեւոր, կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի «Ս. Հաղորդութիւնը որպէս ներման եւ հաշտութեան լեզու», «Մի երկնչի՛ր, բայց միայն հաւատա՛ հայ առաքելական եկեղեցուն՝ ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի (Էյչ.Այ.Վի./ԷՅՏԶ) հայեցակարգի առաջարկ» աշխատութիւնները:
Գէորգ եպիսկոպոս իր «Ս. Հաղորդութիւնը որպէս ներման եւ հաշտութեան լեզու» աշխատութեան մէջ հանգամանօրէն մեկնաբանած է սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ: Հայ իրականութեան մէջ այս գիրքը առաջին աշխատութիւնն է, որ հաղորդութեան խորհուրդը կը դիտարկէ մարդկային յարաբերութիւններու պարունակին մէջ եւ բարոյականութեան այն շրջագիծին մէջ, ուր ժամանակակից հաւատացեալները կ՛ապրին իրենց ամէնօրեայ հաւատը: Գիրքը կը բովանդակէ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան բնորոշ առանձնայատկութիւններու արժէքաւոր նկարագրութիւններ. անիկա հրատարակուած է Մայր Աթոռի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի հովանաւորութեամբ:
«Մի երկնչի՛ր, բայց միայն հաւատա՛ հայ առաքելական եկեղեցուն՝ ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի հայեցակարգի առաջարկ» գիրքին մէջ Գէորգ սրբազանը կ՛անդրադառնայ 21րդ դարասկիզբէն մարդկութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներէն մէկուն՝ ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի աստուածաբանական եւ բարոյական տեսանկիւններուն: Գիրքին մէջ ներկայացուած է ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի հայեցակարգին գծով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը արտայայտող ծրագիրը, ուր կարեւոր կը նկատուին հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորին աշխատանքը ՄԻԱՎ վարակ ունեցող մարդոց եւ անոնց ընտանիքներուն հետ, ինչպէս նաեւ կ՛ուրուագծուի ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի կանխարգելման իմաստով հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան կարեւորութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.