ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանը թմրեցուցիչ արտադրող հիմնական երկիր չէ, եւ անոնց օգտագործումը չափաւոր է երկրին մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Թմրամիջոցներու դէմ միջազգային եւ իրաւապահ համագործակցութեան բիւրոն հրապարակած է թմրեցուցիչներու միջազգային հսկողութեան ռազմավարութեան զեկոյցը եւ այսպիսի գնահատական տուած է Հայաստանին:
Այս իրավիճակը, ըստ զեկոյցին, պայմանաւորուած է Հայաստանի աշխարհագրական դիրքով, որովհետեւ Հայաստանը ցամաքով շրջապատուած երկիր է, անոր չորս սահմաններէն երկուքը փակ են՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, եւ սահմանափակ փոխադրութեան ուղիները նուազ գրաւիչ կը դարձնեն երկիրը թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան համար:
Զեկոյցը արձանագրած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Հայաստանը կը շարունակէ զարգացնել եւ իրականացնել սահմաններու միասնական կառավարման դրութիւնը՝ բարելաւելով ապօրինի թմրեցուցիչներու յայտնաբերման իր կարողութիւնները:
Հայաստանի մէջ ամէնէն աւելի տարածուած թմրամիջոցը մարիկուանան է, որուն գերակշռող մասը կ՛աճի երկրին մէջ, եւ զանոնք ոչնչացնելու ծախսերը կը հոգայ կառավարութիւնը։ 2012ին ոչնչացուած է 82 թոն բուսատեսակ:
Զեկոյցը վկայակոչած է Հայաստանի ոստիկանութեան տուեալները, համաձայն որոնց, ապօրինի կերպով ներմուծուող թմրեցուցիչներուն ճնշող մեծամասնութիւնը աֆղանական ծագման ափիոններն են եւ Հայաստան կը ներածուին՝ որպէս անցման ուղի օգտագործելով Իրանն ու իրանական սահմանը: Փոքր քանակութեամբ թմրեցուցիչ կը մտնէ Թուրքիայէն՝ Վրաստանի վրայով։
Իրանի սահմանէն մաքսանենգութեան ճամբով թմրամիջոցներու տեղափոխման հետաքրքրական դէպքեր արձանագրուած են, նշուած է զեկուցման մէջ. լուսարձակող ուղղարկիչներու կերպընկալէ գնդիկները, որոնք պարունակած են օփիոններ, գիշերը իրանական կողմէն նետուած են Արաքս գետը, իսկ հայկական կողմէն նոյն ձեւով վճարումը կատարուած է։
Նախապէս թմրեցուցիչները Իրանէն Հայաստանի վրայով կը ղրկուէին Եւրոպա, սակայն վերջին հանգրուանին ատիկա զգալիօրէն նուազած է։
Ըստ զեկուցումին, մեծաքանակ թմրամիջոցներու փոխանցման անցք նկատուող երկիրներ են Աֆղանիստանը, Պահամները, Պելիզը, Պոլիվիան, Պուման, Քոլոմպիան, Քոստա Ռիքան, Էքուատորը, Սալվատորը, Հայիթին, Հնդկաստանը, Մեքսիան, Նիքարակուան եւ այլն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.