
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին Լրատուական».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան նշեց, որ աշխատանք կը տարուի Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծին վրայ, սակայն, առայժմ այդ աշխատանքին մասին մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուիր, որպէսզի կողմերը կարողութիւնն ունենան հանգիստ կերպով աւարտելու գործը:
«Պէտք է այնպիսի օրինագիծ մը պատրաստուի, որ Սահմանադրական դատարանը առիթը չունենայ զայն անգամ մը եւս բեկանելու: Մեր իրաւաբանները կ՛աշխատին ու կ՛ուզենք, որ անոնք առիթը ունենան հանգստօրէն աշխատելու, առանց իւրաքանչիւր քայլի մասին լուր տալու պարտադրանքին: Չենք ուզեր թուրքերուն առիթ տալ, որ խօսելու տեղ ունենան: Երբ օրակարգին վրայ դրուի օրինագիծը, բոլորն ալ տեղեակ պիտի ըլլան, սպասենք անոր», ըսաւ ան:
Փափազեան նաեւ նշեց, որ պատրաստուող օրինագիծը Վալերի Պուայէի օրինագիծը չէ: «Նոյնը կարելի չէ ներկայացնել եւ այդ պատճառով ալ, մենք տարբեր ու շատ լուրջ աշխատանք կը տանինք, իրաւաբաններ եւ այլ մասնագէտներ մեզի համար կ՛աշխատին: Վալերի Պուայէի օրինագիծը մէկ անգամ բեկանուեցաւ, եւ եթէ երկրորդ անգամ ներկայացուի, ապա նորէն պիտի բեկանուի», աւելցուց ան:
Անդրադառնալով համացանցին միջոցաւ ընթացող՝ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի մը շուրջ հանրաքուէին՝ Փափազեան ըսաւ, որ տեղեակ է անկէ, սակայն չի գիտեր, թէ որու նախաձեռնութիւնն է ու ինչ նպատակ կը հետապնդէ: «Թո՛ղ ըլլայ, հարց չէ: Մենք մեր գործը առաջ կը տանինք», ըսաւ ան՝ աւեցնելով, թէ աշխատանք կը տարուի, որ մինչեւ այս տարուան Ապրիլի 24ը օրինագիծը պատրաստ ըլլայ: