Ռոտ Այլընտ հաստատուած Հայ ուսանողներու միութիւնը (ASA Inc.) կը տեղեկացնէ, թէ իր հովանաւորութիւնը վայելող եւ Հայ բանաստեղծութեան ծրագիրին հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուող Արթուր Հալվաճեանի անուան բանաստեղծութեան մրցանակի գլխաւոր մրցանակը շահած է Փասատինայի «Յովսէփեան» վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեանը, մինչ համալսարանական ուսանողներու բաժանմունքի առաջնութիւնը խլած է Սառա Էպիկէյլ Սթիցը (Վըրճինիա), երկրորդական վարժարաններու մրցանակը՝ Մէյկըն Մըքլին (Վըրճինիա): Անոնք նաեւ ստացած են նիւթական նուէրներր՝ յաջորդաբար 250, 100 եւ 50 տոլար:
Հայ բանաստեղծութեան ծրագիրի պատասխանատու Լոլա Գունտաքճեան այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ դատակազմի անդամներուն՝ Քրիսթոֆըր Ճանիկեանի եւ Կարէն Գազանճի, ինչպէս նաեւ աշխատանք համակարգած Ալիս Մովսէսեանին, որ անդամ է Հայ ուսանողներու միութեան վարչութեան: Այս վերջինը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Գունտաքճեանին, Ճանիկեանին եւ Գազանճին՝ յաջողութեամբ պսակելու համար մրցանքը:
Վերոյիշեալներուն կողքին, պատանիներու բաժանմունքին մէջ պատիւի յիշատակութեան արժանացած են Շանթ Տիգրանի, Ժիւլիէն Ղուլեանցի ու Յովիկ Մանոյեանի բանաստեղծութիւնները: Նշեալ երեքը աշակերտ են «Յովսէփեան» վարժարանին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել armenian-poetry.blogspot.com կամ www.asainc.org կայքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.