ԵՐԵՒԱՆ.– Սփիւռքի նախարարութիւնը մտադիր է Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութեան պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն յատուկ թաղամասեր կառուցել՝ երեք տարբեր քաղաքներու մէջ։
Այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ արդէն համաձայնութիւններ ձեռք բերած է Աշտարակի, Վաղարշապատի եւ Մասիսի քաղաքապետներուն հետ:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հարցերով կազմուած յանձնաժողովի նախագահ Ֆիրդուս Զաքարեանը յայտնած է, որ Երեւանին մօտակայ քաղաքներուն մէջ սուրիահայերուն յատուկ թաղամաս կառուցելու նախաձեռնութենէն առաջ կը մտածէին նոր քաղաք կառուցել՝ Հալէպ անունով: Սակայն այս գաղափարը իրականացնելը բաւական մեծ գումարներու կը կարօտի, ուստի նախարարութիւնը նախընտրեց առանձին թաղամասերու կառուցման գաղափարը:
Սփիւռքի նախարարին համաձայն՝ Վաղարշապատի, Աշտարակի եւ Մասիսի քաղաքապետները արդէն ներկայացուցած են այդ քաղաքներու յատակագիծերը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով այդ նպատակին համար հող յատկացնելու:
Առայժմ, սակայն, յստակեցուած չէ այս ծրագիրի իրականացման գումարին չափը: Նախարար Յակոբեան դիտել տուած է, թէ ծրագիրը ներկայիս նախապատրաստական հանգրուանի մէջ է:
Թաղամասերու կառուցման համար կը քննարկուին նիւթական միջոցներու հայթայթման տարբերակներ: Տարբերակներէն մէկը կրնայ ըլլալ նորակառոյց բնակարանները շուկայէն աժան գիներով վաճառել սուրիահայերուն, կամ անոնց նիւթական մասնակցութեամբ կատարել շէնքերու կառուցումը:
Սփիւռքի նախարարը յայտնած է, որ որոշ ծախսեր՝ օրինակ ենթակառուցուածքներու կառուցումը, կրնայ վստահիլ պետութեան ներդրումին. «Կարելի է եւ կադաստրային արժէքով տալ, եւ պետութիւնը ձեւակերպումներն անի: Կարող են ներդրում լինել»:
Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած է շուրջ 11 հազար սուրիահայ: Անոնց շուրջ 4.500ը վերադարձան են Սուրիա կամ այլ երկիրներ, իսկ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մղջ կայ 6500 սուրիահայ։
Ֆ. Զաքարեան դիտել տուած է, որ թաղամասերու կառուցումը առաւել արդիւնաւէտ տարբերակ պիտի ըլլայ, քան այն, որ սուրիահայերը իրենք լուծեն բնակարաններ գնելու հարցը. «Եթէ առանձին-առանձին կառուցեն, աւելի թանկ կը նստի, եթէ միաւորուեն ու, ասենք, կառուցեն, 4-5 յարկանի բնակելի շէնքեր, իրենց վրայ շատ աւելի էժան կը նստի»:
Սուրիահայերուն համար բնակարաններ կառուցելու մտադրութիւն ունի նաեւ «Ամենայն հայոց արձագանգ» փրկարարական ծառայութիւն կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութեան ծրագիրով կը նախատեսուի Երեւանի արուարձաններէն մէկուն մէջ քաղաքատիպ աւան կառուցել:
Կազմակերպութիւնը արդէն շուրջ 1000 դիմում ստացած է սուրիահայերէ: 2 հեքթար հողատարածութեան վրայ կառուցուող բնակարաններուն համար սուրիահայերը պիտի վճարեն միայն շինարարութեան ծախսերուն համար. նախնական տուեալներով, մէկ քառակուսի մեթրի համար վճարելով 300 տոլար: Բնակարանի վճարումը պիտի ըլլայ մասնավճարով՝ նախապէս վճարելով 10-20 տոկոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.