ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ*
Բազմադարեան մեր պատմութեան մէջ շատ են մղուած պայքարներ՝ յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման, որոնց խորհուրդը այսօր երաշխիք կը հանդիսանայ հայրենասիրական մեր ոգիի արտացոլման: Այդ խորհուրդներու կարեւորագոյններէն մէկը Վարդանանց դիւցազնամարտէն կու գայ՝ պատգամելով քրիստոնէական հաւատամքին կառչած մնալու մեր հաստատումը, հիմնաւորելով «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, իսկ մահն իմացեալ՝ անմահութիւն» խորհուրդը, որ մինչ օրս կ՛ուղղեկցի մեզի՝ քաղաքական, կրօնական թէ պատերազմական պայքարի տարբեր ոլորտներու մէջ: Վարդանանց պատերազմը բոլորիս ծանօթ է, ինչպէս նաեւ անոր խորհուրդը՝ յաւերժական. անոր մասին կը պատմեն մեր մատենագիր պատմիչներէն Եղիշէն, Սեբէոսն ու Ղազար Փարպեցին:
Ուրբաթ, Փետրուար 22ին, «Ֆերահեան»ի միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարաններէն աշակերտներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ, հաւաքուած էին դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ՝ տօնախմբելու եւ անգամ մը եւս բարձր պահելու Վարդանանց դիւցազնամարտի խորհուրդը:
Յայտագիրը սկսաւ Հայերէն բաժինի ուսուցչուհի Վիլմա Սարգիսեան-Գույումճեանի բարի գալուստի խօսքով, իսկ օրուան հանդիսավարն էր 12րդ դասարանէն Անի Կէտիկեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 12րդ կարգէն Նայիրի Խաչատուրեանը, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց 451 թուականին, հաւատքով եւ վճռակամութեամբ մղուած հայութեան բուռն այս ճակատամարտի պատմականը՝ եզրափակելով, թէ մեր գոյութեան պայքարը Վարդանի եւ անոր զինակիցներու ոգիով պէտք է շարունակուի՝ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր արգելքներուն դէմ, այնքան ատեն, որ տակաւին չէ իրագործուած հայ ժողովուրդի Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան ունենալու մեծ երազանքը:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: 8րդ կարգի աշակերտները ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանի «Վարդանական»ը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարեկ Գույումճեան, նաեւ Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը խմբովին ասմունքեցին 10րդ դասարանի աշակերտները, «Քաջն Վարդան Մամիկոնեան» խմբային ասմունքը ներկայացուցին 6րդ դասարանի աշակերտները, մինչ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին»ը կատարեց 12րդ կարգէն Գարինա Խտրեանը, «Զինուորի մօր երգը»՝ 12րդ կարգէն Օննիկ Ալաճաճեանը, իսկ «Վարդանանք» խմբային ասմունքը՝ 6րդ դասարանը: Յատկանշական էր 10րդ դասարանէն Քրիս Թաճերեանի եւ Սթեֆան Քովաքսի պատրաստած Power Point-ով ներկայացումը, ուր կը տրուէր ընդհանուր պատմականը Վարդանանց դիւցազնամարտին:
Գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ 10րդ դասարանի «Վարդանանց Պատերազմ» պարային-թատերական ներակայացումով: Դերակատարներն էին՝ Նազելի Նալպանտեան (Վարդան Մամիկոնեանի մայրը՝ Սահականոյշ), Դալար Մինասեան (ազնուական տիկին), Ալեքս Գարակէօզեան (Վարդանի որդի՝ Զոհրապ), Արմանտ Քէօսեան (Եղիշէ պատմիչ), Անթոնի Աւագեան (Ղեւոնդ Երէց) եւ Սարօ Նաշալեան (Վարդան Մամիկոնեան): Յիշեցնենք նաեւ, որ բեմայարդարումը կատարած էին 10րդ կարգէն Մայքըլ Վարդանեանը, Խաչիկ Աւագեանը եւ Էտըմ Սմիթը:
Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Ֆերահեան»ի տնօրէն Ժան Գոսագեանը, որ յայտնեց, թէ Վարդանանց պատերազմը հոգեկան եւ բարոյական մեծ յաղթանակ մըն էր մեր պատմութեան մէջ եւ անոր պատգամը շատ յստակ է՝ կառչած մնալ մեր հայկականութեան եւ խիղճին. ապա աւելցուց, թէ Վարդանանց ճակատամարտը կը շարունակուի մինչեւ օրս, Սփիւռքի բոլոր ծայրամասերուն մէջ, երբ ամէն օր պայքար կը մղենք օտարացման եւ մեր ինքնութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ: Ան աշակերտներուն յանձնարարեց հաւատարիմ մնալ մեր ազգային արժէքներուն եւ ջանք չխնայել հզօրացնելու համար հայ համայնքն ու Հայաստանը: Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վիլմա Սարգիսեան-Գույումճեանին եւ Հայերէն բաժինի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք գործակցաբար եւ բծախնդրութեամբ պատրաստած էին այս տօնախմբութիւնը, իսկ իր խօսքի աւարտին, ան յայտարարեց, թէ տնօրէնութեան գրասենեակի աշխատակազմին կազմակերպութեամբ՝ Ուրբաթ, Մարտ 8ին եւ Շաբաթ Մարտ 9ին, վարժարանի «Աւետիսեան» սրահէն ներս պիտի ցուցադրուի Գարեգին Նժդեհի կեանքի ու գործունէութեան մասին պատրաստուած «Գարեգին Նժդեհ» խորագրեալ նոր շարժապատկերը:
* Դպրոցի թղթակից